Խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ գումարեց ընտրութեան իր նիստը` նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի, նկատի ունենալով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի Ժընեւ գտնուիլը:
Նուազ քան տասը վայրկեան տեւած նիստին ընթացքին խորհրդարանը վերընտրեց իր դիւանը` ամբողջական կազմով:
Խորհրդարանը վաւերացուց իր ընդհանուր քարտուղարներուն` երեսփոխաններ Ալեն Աունի եւ Մարուան Համատէի ընտրութիւնը:
Իսկ խորհրդարանի դիւանի անդամ ընտրուեցան նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Սամիր Ժսըր եւ Միշել Մուսա:
Խորհրդարանը վաւերացուց նաեւ իր մնայուն յանձնախումբերուն կազմերը` իրենց անդամներով եւ նախագահներով:



