Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարրաֆ. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Իր Հողերուն Եւ Ոչ Մէկուն Դէմ Յարձակում Սանձազերծելու Նպատակ Ունի»

October 17, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ այցելեց հարաւային Լիթանիի մէջ գտնուող լիբանանեան բանակի Պանու Պարաքաթ զօրանոցը, ուր ընդունուեցաւ գնդապետ-զօրավար Ռոպեր Ալամի եւ բանակի սպաներուն կողմէ:

Ապա Սարրաֆ հանդիպում մը ունեցաւ զինուորական գործողութիւններու պետ գնդապետ Նիքոլաոս Թապեթի հետ, որ ներկայացուց հարաւային Լիթանիի մէջ տիրող իրավիճակը եւ գործնական մարտահրաւէրները, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին, յատկապէս իսրայէլեան սպառնալիքներն ու սահմանային քարաշէն պատի կառուցումը շարունակելու աշխատանքները:

Թապեթ շեշտեց, որ սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն թիւը հասած է 162-ի:

Ինչ կը վերաբերի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ գործակցութեան, Թապեթ շեշտեց, որ միացեալ ծրագիրները կը մնան զինուորական միացեալ մարզումներ կատարելու կեդրոն մը կառուցելու սահմաններուն մէջ:

Իր կարգին, Սարրաֆ դրուատեց հարաւային Լիթանիի զօրամասին դերակատարութիւնն ու ճիգերը` պաշտպանելու համար սահմանային կայունութիւնը: Ան մեծապէս գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ բանակին գործակցութիւնը` ապահովական կայունութեան պահպանման ի խնդիր:

Ապա Սարրաֆ ուղղուեցաւ Նաքուրայի շրջանին մէջ գտնուող ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին մանրամասն անդրադարձ կատարուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն գործունէութեան եւ բանակին հետ փոխադարձ գործակցութիւնը բարելաւելու կարելիութիւններուն:

Սարրաֆ հաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր հողերուն եւ ոչ մէկուն դէմ յարձակում սանձազերծելու նպատակ ունի: «Լիբանան անշեղ կը մնայ իր հողերը, անկախութիւնը, բնական հարստութիւնն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանելու իրաւունքին, ինչպէս նաեւ յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան, հակառակ անոր որ Իսրայէլ ամէնօրեայ դրութեամբ ոտնձգութիւններ կը գործէ այդ օրէնքին գործադրութեան դէմ», ըսաւ Սարրաֆ:

Ան մաղթեց, որ բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի եւս կ՛ամրապնդուի:

 

Նախորդը

Ժընեւի Մէջ. «Սուրիոյ Ապահովութիւնը Իրաքի Եւ Լիբանանի Ապահովութիւն Կը Ներշնչէ, Իսկ Պաղեստինցիներուն` Հողերը Ազատագրելու Յոյս» Շեշտեց Պըրրի

Յաջորդը

Խորհրդարանը Վերընտրեց Իր Դիւանը` Ամբողջական Կազմով

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.