Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Շարունակէ Դրական Ուղիով Ընթանալ

October 16, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յետմիջօրէէն մինչեւ գիշեր ընդունեց շարք մը անձնաւորութիւններ, որոնց հետ խորհրդակցեցաւ կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւններուն մասին:

Բոլոր հանդիպումներէն ետք կատարուած յայտարարութիւններն ու յայտնուած կեցուածքները յուշեցին, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը շարունակէ դրական ուղիով ընթանալ:

Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ վարչապետ Հարիրի ընդունեց նախկին վարչապետներ Թամմամ Սալամը, Ֆուատ Սինիորան եւ Նեժիպ Միքաթին: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող հարցերն ու կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Երեկոյեան ժամը 10:15-ին վարչապետ Հարիրի ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:

Միւս կողմէ, Հարիրի ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Հարիրի լաւատես է եւ ան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ կազմելու համար կառավարութիւնը, հակառակ այդ հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտներուն:

Ռիաշի ընդգծեց, որ ինք լաւատես է կառավարութեան կազմութեան իմաստով Հարիրիի արձանագրելիք յաջողութեան: «Վարչապետ Հարիրիի գործած ձեւը կը հաստատէ, որ մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ կառավարութիւն մը կազմել», ըսաւ ան:

Ռիաշի նշեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կառավարութեան մէջ ներկայացուելու իր արդար բաժինին կառչած կը մնայ` նկատի ունենալով յատկապէս անոր զոհողութիւնները:

Ան շեշտեց նաեւ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի դիւրացուցած է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Վարչապետ Հարիրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ գաղթականներու հարցերու նախարար Թալալ Արսլանը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Արսլան շեշտեց, որ իրենց պարտականութիւնն է դիւրացնել կառավարութեան կազմութիւնը, սակայն ոչ իրենք զիրենք ջնջելու հաշուոյն:

Արսլան նշեց, որ Հարիրիի հետ համաձայնած է կառավարութեան մէջ կուսակցական նախարարներ չնշանակել, այլ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան համակիր եւ ատակ անձնաւորութիւններ:

Արսլան ըսաւ, թէ իրենք ոչ ոքի հետ կը մրցակցին, այլ` կը զօրակցին բոլորին յաղթանակին:

Արսլան յայտնեց, որ ինք պատրաստ է հանդիպելու Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ, եթէ այդ հանդիպումը ըլլայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հովանաւորութեամբ:

«Մենք չենք արտօներ, որ ջնջեն մեզի, եւ պատրաստ ենք գործակցութեան ու հաշտութեան ձեռք երկարելու բոլորին` փոխադարձ յարգանքի շրջագիծին մէջ, որովհետեւ ի վերջոյ կազմուելիք նոր կառավարութիւնը պիտի ըլլայ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն», ըսաւ Արսլան:

Կը նախատեսուի, որ վարչապետ Հարիրի այսօր այցելէ նախագահական պալատ եւ կառավարութեան կազմութեան գծով իր խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները քննարկէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ:

Նշենք, որ «Մուսթաքպալ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Պաապտայի աղբիւրներէն, գրած է, թէ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները դրական մթնոլորտի մէջ կը կատարուին:

Կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւններուն շրջագիծին մէջ, Մարատա հոսանքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Մարատա հոսանքը կառչած կը մնայ հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան` աւելցնելով, որ եթէ հոսանքը ստիպուած ըլլայ այլ նախարարութիւն ստանձնել, ապա զայն միայն կը փոխարինէ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեամբ:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Դրուատեց Նասիպի Անցքին Բացումը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Աւետիս Կիտանեանի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Մէջ Հայկական Ներկայացուցչութիւնը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.