Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 16, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիոյ հասցէին կատարուած քաղաքական շանթաժը մարտահրաւէր մըն է` ուղղուած աւելի քան մէկ միլիառ իսլամականներու:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հարաւային Քորէայի դեսպան Իքոնկ Մանլ Լին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս հաստատեց, որ նախարարութեան համար խիստ կարեւոր է Տահր Պայտարի ճամբուն շինութիւնն ու նորոգութիւնը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ Պեքաայի երեսփոխանները հանդիպում մը ունեցած են հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի հետ եւ անոր առաջարկած Համմանա-Շթորա փապուղին կառուցելու օրէնքին նախագիծը:

ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՅԻՆ վարկերու պետական հաստատութեան նախագահ Ռոնի Լահուտ հաստատեց, որ բնակարանային վարկերը լիբանանեան թղթոսկիով պիտի տրամադրուին դիմողներուն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի անդամ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ լիբանանցի երիտասարդներուն իրաւունքն է արժանանալ պետական հաստատութիւններուն մէջ աշխատելու առիթներու` ըստ իրենց ատակութեան եւ կարողութիւններուն:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան տեղեկատուական կեդրոնական խորհուրդը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` պահանջելով կուսակցութեան բոլոր անդամներէն ու համակիրներէն վերջ տալ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան դէմ արձանագրուած ցեխարձակումներուն:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի ընդգծեց յստակ եւ թափանցիկ պետական ամավարկ մը վաւերացնելու կարեւորութիւնը` յանձնառու մնալու համար բոլոր բարեկարգումներուն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմին մէջ զիրենք նկատի չունենալը պատժական արարք մըն է, «իսկ ամէնէն աւելի վիրաւորականը դաշնակիցներուն կողմէ մեզ լքելն է», ըսաւ ան:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ կոչ ուղղեց փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած արաբական եւ միջազգային յարաբերութիւններ սկսելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ Սայիտ Շամիսի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Շամիսի եւ Պուխարի հաստատեցին, որ Լիբանանի եղբայր ժողովուրդին նկատմամբ իրենց զօրակցութիւնը հաստատ է:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ աղբիւրներուն համաձայն, Նասիպի անցքէն լիբանանեան բեռնատարներու փոխադրութեան մանրամասնութիւններուն շուրջ Լիբանանի հետ համաձայնութիւն չէ գոյացած:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Պեքաայի երկրագործներու համախմբումի նախագահ Իպրահիմ Թարշիշին, որուն յայտնեց, որ Նասիպի անցքին բացումը առիթ պիտի տայ լիբանանցի երկրագործներուն լիբանանեան արտադրութիւնները արտածելու:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժեր երէկ Խիամի սահմանամերձ շրջանին մէջ շարունակեցին սահմանային պատին կառուցումը: Միւս կողմէ, իսրայէլեան օդուժը երէկ թռիչքներ գործեց Նապաթիէի, Մերժահիունի եւ Պընթ Ժպէյլի վերեւ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի չի կրնար իր շահերէն հրաժարիլ` աւելցնելով, որ ան պէտք է կառավարութիւն մը կազմէ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի Սէուտական Արաբիոյ պատանդն է` աւելցնելով, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւն մը աւելի նուազ կ՛արժէ, քան` նոր կառավարութիւնը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը կրնայ կազմուիլ այս շաբաթավերջին:

 

Նախորդը

Շնորհակալական Աղօթք Ուքրանիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Անկախութեան Շնորհման Համար Ազգայնական Խումբերու Կողմնակիցներու Քայլարշաւ Քիեւի Մէջ

Յաջորդը

Զօր. Աուն Պարգեւատրեց Մալլաքը` Մեծապէս Գնահատելով Անոր Աշխատանքը

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.