Պըրրի Ժընեւ Մեկնեցաւ` Մասնակցելու Համար Միջազգային Խորհրդարանական Համաժողովին
Երէկ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գլխաւորութեամբ երեսփոխանական պատուիրականութիւն մը մեկնեցաւ Ժընեւ` մասնակցելու համար Միջազգային խորհրդարանական համաժողովին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Համաժողովին օրակարգերուն շարքին է միջազգային դատերու, ինչպէս նաեւ կենսոլորտի, երիտասարդութեան եւ այլ հարցերու քննարկումը: Այս ծիրին մէջ, Պըրրի իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Իսլամական երկիրներու խորհրդարանի եւ Արաբական երկիրներու խորհրդարանի ժողովներուն,...



















