Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ շարունակեց կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւններուն մասին իր կատարած խորհրդակցութիւնները:
Այս շրջագիծին մէջ երէկ գիշեր երկրորդ օրն ըլլալով Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած զարգացումները:
Նախապէս Հարիրիի այցելած էր նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, որուն հետ քննարկուեցան երկիրը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի երէկ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:
Նիստին ընթացքին Մուսթաքպալ պլոքը հաստատեց իր կառչածութիւնը նախագահական համաձայնութեան, որ հակակշիռի տակ առաւ սադրանքի բոցերը:
Մուսթաքպալ պլոքը դրուատեց քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն կողմէ իրենց անդամներուն եւ համակիրներուն ուղղուած կոչերը` հանդարտեցնելու կացութիւնը եւ կասեցնելու իրարու հասցէին ցեխարձակումները:
Մուսթաքպալ պլոքը լաւատեսութիւն յայտնեց կառավարութեան կազմութեան իմաստով նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին արձանագրուած զարգացումներուն գծով` հաստատելով վարչապետին ջանքերուն նկատմամբ իր վստահութիւնը:
Պլոքը յոյս յայտնեց, որ կարելի ըլլայ յանգիլ կառավարութեան այնպիսի կազմի մը, որ կը վայելէ լիբանանցիներու մեծամասնութեան համախոհութիւնը:
Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ պլոքը զօրակցութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ` նկատի ունենալով անոր դէմ մղուած արշաւները, ինչպէս նաեւ հաստատելով, որ անոր դէմ արձակուած որեւէ սպառնալիք ուղղակի սպառնալիք կը նկատուի շրջանային ապահովական կայունութեան:



