Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:
Նիստէն ետք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի անհրաժեշտ նկատեց ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը` շեշտելով, որ այդ կառավարութիւնը պէտք է ներկայացնէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը:
Սահնաուի նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը նոր թափ ստացած է` աւելցնելով, որ իրենք իրենց կարգին կարելի եղածին չափ կը դիւրացնեն այդ հոլովոյթը:
Սահնաուի ընդծեց, որ համախմբումին համար կարեւոր չէ, որ կառավարութիւնը ամէնէն մօտիկ ապագային կազմուի, այլ` կարեւոր է, որ լիբանանցիներուն համար երաշխաւորեն արդիւնաբեր կառավարութիւն մը:
«Ամէնէն կարեւորը կառավարութեան արդիւնաբերութիւնն է ու տանելիք աշխատանքը, որ կը դրսեւորուի նշանակուած նախարարներուն ատակութեան եւ անոնց ներշնչելիք վստահութեան ընդմէջէն», ըսաւ Սահնաուի: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի համար առաջնահերթ թղթածրարներն են սուրիացի տեղահանուածներն ու փտածութեան դէմ պայքարը:
«Բոլորին ուղղութեամբ օժանդակութեան ձեռք կ՛երկարենք, իսկ յաջորդող փուլին մեր տարակարծութիւնները մէկդի պիտի դնենք», ընդգծեց Սահնաուի:
Ան նշեց, որ համախմբումը կը հաւատայ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձ կատարելու կարեւորութեան` աւելցնելով, որ չի փափաքիր քանի մը տարի ետք սուրիական գաղթակայաններուն մէջ բախումներ նշմարել, ինչպէս որ է ներկայիս պարագան` պաղեստինեան Միէ Միէ գաղթակայանին:
Սահնաուի ողջունեց Նասիպի անցքին բացումը` աշխուժացնելու համար լիբանանեան տնտեսութիւնը` մաղթելով, որ արաբական բոլոր երկիրներուն հետ սահմանները բացուին` հեռու քաղաքական նկատառումներէ:



