Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանը  Կ՛այցելէ Ֆրենժիէին

Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանը Կ՛այցելէ Ֆրենժիէին

«Մարատա» հոսանքի ղեվակար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի իր տան մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս, երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ եւ Անթուան Մըրհեպ: Հանդիպումէն ետք դեսպանը դիտել տուաւ, որ թէեւ այս հանդիպումը ծանօթացման առաջին հանդիպումն է երեսփոխան Ֆրենժիէի հետ, բայց Իրանի, երեսփոխան Ֆրենժիէի եւ...

dr_maral_tutelian1

Վիճակագրական Հետազօտութիւններու Եւ Վարժութիւններու Արաբական Հիմնարկի Վարչական Խորհուրդի Ժողով

Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան 4 նոյեմբերին պիտի մեկնի Յորդանան` Վիճակագրական հետազօտութիւններու եւ վարժութիւններու արաբական հիմնարկին հրաւէրով: Հոն ան պիտի մասնակցի հիմնարկի ընդհանուր տնօրէնի ճշդման յատուկ ժողովին, ինչպէս նաեւ Վիճակագրական հետազօտութիւններու եւ վարժութիւններու արաբական հիմնարկի վարչական խորհուրդի 43-րդ ժողովին` իբրեւ վարչական խորհուրդի անդամ:

Ժապհաթ Նուսրայի Զինեալներուն  Հեռացումը Տեղի Կ՛ունենայ Այսօր

Իպրահիմ. «Փտածութեան Դէմ Պայքարը Դիւրին Չէ, Իսկ Անոր Դիմագրաւումը Օրէնքի Ու Որոշումի Ճամբով` Պատրանք Է»

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու «Ամն Աամ» պարբերաթերթը հրապարակած է իր 62-րդ թիւը, որ կ՛ընդգրկէ նախագահ զօր. Միշել Աունին պաշտօնավարութեան երկու տարուան թղթածրարը, ուր նախկին նախարար եւ նախագահի խորհրդատու Էլիաս Ապու Սաապ կը խօսի արտաքին քաղաքականութեան ձեռքբերումներուն, նախագահի խորհրդատու Միրէյ Աուն կը խօսի ներքին քաղաքական ձեռքբերումներուն, իսկ հանգստեան կոչուած զօրավար Շարլ Ապի Նատեր կը խօսի զինուորական եւ ապահովական ձեռքբերումներուն մասին: Նախաբանին մէջ,...

Նախագահ Զօր. Աուն Ներքին Գործոց  Նախարարին Հետ Արծարծեց Ապահովական  Կայունութեան Վերաբերող Հարցեր

Նախագահ Զօր. Աուն Ներքին Գործոց Նախարարին Հետ Արծարծեց Ապահովական Կայունութեան Վերաբերող Հարցեր

Նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք արծարծեցին երկրին ներքին ապահովական իրավիճակին վերաբերող հարցեր եւ քննարկեցին անոր կայունութիւնը ապահովելու ձեւերը: Անոնք խօսեցան նաեւ ներքին գործոց նախարարութեան միաւորներուն միջեւ համագործակցութեան միջոցներուն մասին: Այս ծիրին մէջ, հանրապետութեան նախագահը ընդունեց երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտը, որուն հետ անդրադարձաւ երկրին ընդհանուր իրավիճակին եւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերջին զարգացումներուն ու այդ գծով փոխանցեց իր...

Քանաան. «Արդիւնաբեր Կառավարութեան Մը  Կազմութիւնը Կը Պահանջենք Ամէնէն Արագ Միջոցին,  Իսկ Բարեկարգումը Անհրաժեշտութիւն Է»

Քանաան. «Արդիւնաբեր Կառավարութեան Մը Կազմութիւնը Կը Պահանջենք Ամէնէն Արագ Միջոցին, Իսկ Բարեկարգումը Անհրաժեշտութիւն Է»

Հզօր Լիբանան համախմբումի քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան «Եու. Էս. Ժի.» համալսարանին մէջ Տըքուանիի քաղաքապետարանին կազմակերպած տնտեսական սեմինարին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ: Սեմինարին ներկայ էին նաեւ նախկին նախարար Տըմիանոս Քաթթար եւ Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր: Քանաան յայտարարեց, որ «Լիբանանի տնտեսական վիճակը լաւ չէ, եւ մենք մեծ դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուինք, բայց եւ այնպէս քայքայման սեմին չենք, մանաւանդ որ կրնանք մարտահրաւէրները դիմագրաւել,...

Պասիլ Ընտրական Օրէնքի Բարեփոխման  Առաջարկ Կը Ներկայացնէ

Պասիլ Ընտրական Օրէնքի Բարեփոխման Առաջարկ Կը Ներկայացնէ

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտարարեց, որ 2022 թուականին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն 6 երեսփոխաններ պիտի ընտրուին լիբանանեան սփիւռքէն, իսկ անոր յաջորդող ընտրութեան 6 երեսփոխաններ պիտի պակսին Լիբանանէն. ան առաջարկեց, որ արտերկրի թեկնածուները ըլլան տարբեր ցամաքամասերէ եւ անոնց ցանկը երկու սեռերէ ըլլայ եւ երկու կրօններու ներկայացուցիչներ ընդգրկէ: Պասիլ աւելցուց, որ անհրաժեշտ է ընտրացանկերը լատինատառ եւ արաբերէն ըլլան, արձանագրուելու ժամանակամիջոցը ըլլայ աւելի...

Ամմար. «Արգելք Չկայ Կառավարութեան Մէջ  Ներառելու Անկախ Սիւննիները»

Ամմար. «Արգելք Չկայ Կառավարութեան Մէջ Ներառելու Անկախ Սիւննիները»

Նախանցեալ օր հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի անդամ, երեսփոխան Ալի Ամմարը, որուն կ՛ընկերակցէր Հարաւային արուարձաններու քաղաքապետական խորհուրդներու համախմբումի նախագահ Մոհամետ Տըրղամը եւ Հըզպալլայի ընկերային աշխատանքներու պատասխանատու Ալի Շըրրին` ներկայութեամբ խորհրդատու Փիեռ Պաաքլինիի: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Ամմար ըսաւ, թէ քննարկումները եղած են երկրին զարգացման գործընթացին, ներկայ իրավիճակին եւ կառավարութեան կազմութեան արագացումին...

Նախագահ Աունի Պաշտօնավարութեան  Երկրորդ Տարեդարձի Նշում` Բաց Քննարկումով

Նախագահ Աունի Պաշտօնավարութեան Երկրորդ Տարեդարձի Նշում` Բաց Քննարկումով

Իր նախագահական պաշտօնավարութեան երկրորդ տարեդարձին առիթով, նախագահ զօր. Միշել Աուն, երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Լիբանանի պատկերասփիւռներու եւ ձայնասփիւռներու կայաններէն խումբ մը լրագրողներու հետ ուղղակի եւ բաց հարցազրոյց մը ունեցաւ: Մէկուկէս ժամ տեւած հարցազրոյցը առիթ հանդիսացաւ նախագահին ամբողջական ակնարկ մը նետելու Լիբանանի ներկայ իրավիճակին դրդապատճառներուն վրայ եւ անդրադառնալու երկրին հրատապ հարցերուն ու մարտահրաւէրներուն: Զրոյցին մեկնակէտն էր նախագահին հաստատումը, որ Լիբանան միջազգային...

Նախագահ Աուն. «Կ՛աշխատինք Քաղաքական  Կեանքին Մէջ Կիներուն  Մասնակցութիւնը Ամրապնդելու Համար

Նախագահ Աուն. «Կ՛աշխատինք Քաղաքական Կեանքին Մէջ Կիներուն Մասնակցութիւնը Ամրապնդելու Համար

Երէկ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը: Անոնք քննարկեցին տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: Լասըն յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ կառավարութիւնը ի մտի ունենայ Լիբանանի համար միջազգային ընտանիքին աջակցութեան սկզբունքները, որոնք արծարծուած էին Հռոմի, Փարիզի եւ Պրիւքսելի մէջ այս տարուան ընթացքին կայացած միջազգային խորհրդաժողովներուն ընթացքին, եւ որոնք...

Պըրրի Օրէնսդրական Նիստի  Հրաւիրելու Որեւէ Որոշում Չէ Տուած

Պըրրի Օրէնսդրական Նիստի Հրաւիրելու Որեւէ Որոշում Չէ Տուած

Այն Թինէի աղբիւրներուն համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի օրէնսդրական նիստի հրաւիրելու որեւէ որոշում չէ տուած եւ կը սպասէ կառավարութեան կազմութեան: Խորհրդարանի նախագահը Այն Թինէի մէջ Միէ Միէ շրջանէն ընդունած է պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Սայտայի եւ Տէյր Քամարի մէջ յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Էլի Պշարա Հատտատ եպիսկոպոսին. ներկայ էին շրջանի քաղաքապետ Ռիֆաաթ Ապու Սապա, փոխքաղաքապետը, քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամները եւ թաղապետները` ներկայութեամբ...

Քարամէ Կը Շեշտէ Անկախ Սիւննիներու  Նախարարական Ներկայացուցչութեան Իրաւունքը

Քարամէ Կը Շեշտէ Անկախ Սիւննիներու Նախարարական Ներկայացուցչութեան Իրաւունքը

Կառավարութեան կազմութեան գծով անկախ սիւննիներու նախարարական ներկայացուցչութեան առնչութեամբ վարչապետ Հարիրիի կատարած յայտարարութեան ի պատասխան, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ դիտել տուաւ, որ վարչապետը կ՛անտեսէ Մուսթաքպալ հոսանքին մաս չկազմող սիւննիներուն իրաւունքները` աւելցնելով, որ «հիմնական թնճուկը ոչ թէ կառավարութեան մէջ մեր մասնակցութիւնն է, այլ Հարիրիին անտեսումն է մեր ներկայացուցչութեան  եւ ընտրապայքարին ձեռքբերած մեր յաղթանակին»: Երեսփոխանը ըսաւ, թէ բոլոր համայնքներու մէջ երկու կամ երեք կողմեր...

«Ստիպուած Ենք Ամրապնդելու Անկախութիւնը,  Իսկ Երկիրը Կերտելու Աշխատանքը  Բոլորին Ներդրումին Կարիքը Ունի»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

Այսօր Ուղղակի Հարցազրոյց Նախագահ Աունի Հետ` Իր Պաշտօնավարման Երկրորդ Տարեդարձին Առիթով

Այսօր երեկոյեան ժամը 8:30-ին, լիբանանեան պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններէն նախագահ զօր. Միշել Աուն ուղղակի եւ բաց հարցազրոյց պիտի ունենայ եւ խօսի իր պաշտօնավարման երկու տարուան ընթացքին արձանագրուած իրադարձութիւններուն եւ յառաջիկայ քառամեակի ձգտումներուն մասին: Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին գծով տարուած ջանքերուն ծիրին մէջ, Աուն յայտնեց, որ կը հետեւի կազմութեան համար տեղի ունեցած բանակցութիւններուն: Այս առնչութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրի Պաապտայի մէջ դռնփակ մէկուկէս...

Երեսփոխան Բագրատունի Ընդունեց  Լիբանանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանը

Երեսփոխան Բագրատունի Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ նոր նշանակուած դեսպան Քրիս Ռեմփլինկը, որուն հետ քննարկեց Բրիտանիոյ եւ Լիբանանի փոխյարաբերութիւնները: Բագրատունի դեսպանին ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան` լիբանանեան դերակատարութեան վերաբերող անցեալի ու ներկայի տուեալներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայութեան մասին որոշ ծանօթութիւններ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Բրիտանիոյ կեցուածքները` շրջանային եւ...

Քանաան. «Շահագրգիռ Ենք Ժողովուրդին  Առաջնահերթութիւններով` Թէ՛ Կառավարական Եւ Թ Է՛ Խորհրդարանական Մակարդակներու Վրայ»

Քանաան. «Շահագրգիռ Ենք Ժողովուրդին Առաջնահերթութիւններով` Թէ՛ Կառավարական Եւ Թ Է՛ Խորհրդարանական Մակարդակներու Վրայ»

Հզօր Լիբանան համախմբումը, ինչպէս ամէն երեքշաբթի, երէկ եւս գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք համախմբումի քարտուղար երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան մամլոյ ասուլիս մը տուաւ եւ հաղորդեց, որ համախմբումը կ՛ողջունէ կառավարութեան կազմութեան գծով վերջին շրջանին տիրող դրական մթնոլորտը, աւելցնելով, որ բոլորս քաջատեղեակ ենք ներկայ կացութեան մէջ կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութեան: Երեսփոխան Քանաան աւելցուց, որ...

Բրիտանիոյ Դեսպան. «Կը Յուսանք,  Որ Լիբանան Շուտով  Իր Կառավարութիւնը Կը Կազմէ»

Բրիտանիոյ Դեսպան. «Կը Յուսանք, Որ Լիբանան Շուտով Իր Կառավարութիւնը Կը Կազմէ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ: Ան նախ ընդունեց ԷՍՔՈՒԱ-ի պաշտօնաւարտ գործադիր քարտուղար դոկտ. Մոհամետ Ալի Հաքիմը, որ ներկայիս նշանակուած է Իրաքի արտաքին գործոց նախարար: Հանդիպումը առիթ էր կողմերուն քննարկելու շրջանային զարգացումները եւ խօսելու երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մասին: Պըրրի ապա ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռեմպլինկը: Հանդիպումէն ետք, Ռեմպլինկ թղթակիցներուն տուած ասուլիսին ընթացքին իր...

Նախարար Խաթիպը` Նախագահ Աունի  Պաշտօնավարման Երկրորդ Տարեդարձին Առիթով «Ազատ Նախագահ, Որ Տեսիլք Եւ Ամուր Կամք Ունի»

Նախարար Խաթիպը` Նախագահ Աունի Պաշտօնավարման Երկրորդ Տարեդարձին Առիթով «Ազատ Նախագահ, Որ Տեսիլք Եւ Ամուր Կամք Ունի»

Կենսոլորտի նախարար Թարեք Խաթիպ յայտարարեց, թէ նախագահ զօր. Միշել Աունի ընտրութեան երկրորդ տարեդարձը ապացոյց է Լիբանանին եւ աշխարհին զօրաւոր նախագահի մը, որ լայնածաւալ ժողովրդականութիւն կը վայելէ: «Ան այն ազատ նախագահն է, որ տեսիլք ունի եւ ունի աննկուն կամք, որ տեղի չի տար շանթաժներու: Ան այն նախագահն է, որուն չկրցան ճզմել, ո՛չ ալ իրմէ խլել իր ուժը. եւ հակառակ անոր որ...

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Մտահոգութի Ւն Կը Յայտնէ Երկրին Պարզած Իրադրութեան Գծով

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Մտահոգութի Ւն Կը Յայտնէ Երկրին Պարզած Իրադրութեան Գծով

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը երէկ գումարեց իր քաղաքական գրասենեակի հերթական նիստը, որուն կը նախագահէր երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ: Նիստին քննարկուեցան քաղաքական վերջին իրադարձութիւնները, իսկ նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ կուսակցութիւնը եկաւ յայտարարելու, թէ երբ կառավարութեան կազմութիւնը իրականանայ, լիբանանցիներուն միտքը պիտի զբաղեցնէ հետեւեալ հարցումը` ի՛նչ բանի շուրջ կը կռուէին բաժիններ պահանջողները անցնող վեց ամիսներուն ընթացքին, երբ փաստօրէն մեծամասնական աթոռները մնացին նոյն վիճակին մէջ, իսկ ասոր...

Հարիրի Կ՛ընդունի Լիւքսամպուրկի  Դքսուհին Եւ Մըլհեմ Ռիաշին

Հարիրի Կ՛ընդունի Լիւքսամպուրկի Դքսուհին Եւ Մըլհեմ Ռիաշին

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիւքսամպուրկի դքսուհի Մարիա Թերեզան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի եւ Հարիրիի խորհրդատու Նատիմ Մունլա: Անոնք քննարկեցին Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու հարցը եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ու այլ միջազգային  մարդասիրական կազմակերպութիւններու այս հարցին գծով տրամադրած մարդասիրական օգնութիւնները: Հանդիպումին աւարտին սարքուեցաւ ճաշ` ի պատիւ դքսուհիին: Վարչապետ Հարիրի...

Երեսփոխան Բագրատունի Եւ Քաղաքապետ Պօղոսեան  Հանդիպում Ունեցան Ներքին Ապահովութեան  Ուժերու Ընդհանուր Տնօրէնին Հետ

Երեսփոխան Բագրատունի Եւ Քաղաքապետ Պօղոսեան Հանդիպում Ունեցան Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Ընդհանուր Տնօրէնին Հետ

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ  Պօղոսեանը: Անոնք քննարկեցին երկրին ներկայ իրավիճակին հետ առնչուող հարցեր:  

Ժահժահ Պաշտօնապէս Յայտարարեց  Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան  Մասնակցութիւնը Կառավարութեան

Ժահժահ Պաշտօնապէս Յայտարարեց Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Մասնակցութիւնը Կառավարութեան

Հզօր Հանրապետութիւն համախմբումը երէկ Մեհրապի մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն աւարտին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ մամլոյ ասուլիս մը տուաւ եւ յայտարարեց, թէ կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի կազմուելիք կառավարութեան: Ժահժահ դիտել տուաւ, որ աւելի դիւրին որոշումը պիտի ըլլար չմասնակցիլը, բայց Լիբանանեան ուժերը կը նախընտրեն ներկայութիւն ունենալ հոն, ուր ներդրում պիտի ունենան: Ան հաստատեց, որ հարցը նախարարութիւններու հարց չէ եւ...

Page 606 of 988 1 … 605 606 607 … 988

Արխիւներ