Հզօր Հանրապետութիւն համախմբումը երէկ Մեհրապի մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն աւարտին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ մամլոյ ասուլիս մը տուաւ եւ յայտարարեց, թէ կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի կազմուելիք կառավարութեան: Ժահժահ դիտել տուաւ, որ աւելի դիւրին որոշումը պիտի ըլլար չմասնակցիլը, բայց Լիբանանեան ուժերը կը նախընտրեն ներկայութիւն ունենալ հոն, ուր ներդրում պիտի ունենան: Ան հաստատեց, որ հարցը նախարարութիւններու հարց չէ եւ ինք չի մեղմացներ կուսակցութեան նկատմամբ եղած անարդարութիւնը, սակայն կառավարութեան մաս կազմելու որոշումը կը կայանայ իրենց ունենալիք նպաստին ու գործունէութեան մէջ:
Ժահժահ ընդգծեց, որ մարդ ինք է, որ չափ ու արժէք կու տայ գործի մը եւ ոչ թէ հակառակը, իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը միշտ ալ զօրաւոր պիտի ըլլայ: Ան աւելցուց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան` կառավարութեան մաս կազմել չուզողները կը վախնան անոր արդիւնաբերութենէն` նկատի ունենալով, որ նախորդ կառավարութեան մէջ բացայայտումներ կատարած է կուսակցութիւնը:
Այս յայտարարութենէն անմիջապէս ետք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան տեղեկատուական բաժանմունքը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, ուր կ՛ողջունէ Լիբանանեան ուժերուն այս որոշումը եւ յոյս կը յայտնէ, որ այս որոշումը միակամութեան եւ բարի կամեցողութեան քայլ մը ըլլայ: Հաղորդագրութեան մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը իր ուրախութիւնը կը յայտնէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարին կատարած բաղդատութեան համար` ինչ կը վերաբերի խորհրդարանի պլոքներու անդամներու թիւին եւ ստանձնած նախարարութիւններու թիւին` աւելցնելով, որ ատիկա ապացոյց է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ճշգրիտ վերաբերմունքին, թէ պլոքներու անդամներու թիւը չափանիշ է իրենց ստանձնելիք նախարարութիւններու թիւին:
Միւս կողմէ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտարարեց, թէ կառավարութեան կազմութիւնը անհրաժեշտ է կարելի եղածին չափ տարակարծութիւններուն վերջ տալու, մարդոց շահերը ապահովելու եւ որոշ չափով իրաւունքներուն տիրանալու համար: «Հինգ ամիս սպասելէ ետք, այս շաբթուան ընթացքին կառավարութիւնը պիտի կազմուի», յայտնեց ան:



