Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան 4 նոյեմբերին պիտի մեկնի Յորդանան` Վիճակագրական հետազօտութիւններու եւ վարժութիւններու արաբական հիմնարկին հրաւէրով:
Հոն ան պիտի մասնակցի հիմնարկի ընդհանուր տնօրէնի ճշդման յատուկ ժողովին, ինչպէս նաեւ Վիճակագրական հետազօտութիւններու եւ վարժութիւններու արաբական հիմնարկի վարչական խորհուրդի 43-րդ ժողովին` իբրեւ վարչական խորհուրդի անդամ:



