Հզօր Լիբանան համախմբումի քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան «Եու. Էս. Ժի.» համալսարանին մէջ Տըքուանիի քաղաքապետարանին կազմակերպած տնտեսական սեմինարին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ: Սեմինարին ներկայ էին նաեւ նախկին նախարար Տըմիանոս Քաթթար եւ Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր:
Քանաան յայտարարեց, որ «Լիբանանի տնտեսական վիճակը լաւ չէ, եւ մենք մեծ դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուինք, բայց եւ այնպէս քայքայման սեմին չենք, մանաւանդ որ կրնանք մարտահրաւէրները դիմագրաւել, ինչպէս որ հիւանդ մը կը դիմագրաւէ, իր հիւանդութիւնը` բուժումով: Այո՛, Լիբանանի մարմինը հիւանդ է` վերջին 27 տարուան ելեւմտական, տնտեսական եւ ընկերային քաղաքականութեան պատճառով, բայց ունի իրավիճակը բարեկարգելու զօրաւոր կամք: Անհրաժեշտ է, որ համագործակցինք` իրականացնելու համար այդ բարեկարգումը եւ բարձր պահելու համար մեր յոյսը»:
Պատասխանելով «քայքայում» բառին օգտագործումը մերժելուն մասին հարցումի մը` Քանաան ըսաւ, որ Լիբանանի դիմադրող ընկերութեան չի վայելեր այդ բառը, մանաւանդ որ ան ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ ալ տարած է իր գոյապայքարը: «Ներկայիս ունինք նախագահ մը, որով հպարտ ենք, եւ որ իր պաշտօնավարութեան առաջին երկու տարիներուն ընթացքին քաղաքական եւ տնտեսական կայունութիւն բերաւ: Այս կայունութիւնը պիտի շարունակենք արդիւնաբեր վերահսկողութեամբ եւ զօրաւոր օրինական իշխանութեամբ», ըսաւ ան:
Քանաան յայտնեց, որ արդար ու զօրաւոր իրաւական համակարգ ունենալը եւ անոր անկախութեան պաշտպանութիւնը հաշուետուութեան հիմնական ծրագիրներէն մէկն է: Հետեւաբար, յաջորդ փուլին առաջնահերթութիւն է դատական իշխանութեան ամրապնդումը, որպէսզի կարենանք շարունակել վերահսկողութիւնն ու բարգաւաճումը:
Ան յոյս յայտնեց, որ ամէնէն արագ միջոցին կազմուի կառավարութիւնը` դիտել տալով, որ ազգային միասնակամութեան կառավարութեան մասին խօսելով կը խօսինք որոշումներուն եւ լուծումներուն մէջ բոլոր կողմերուն պատասխանատու մասնակցութեան մասին:
Խօսելով տնտեսական վիճակին անկումին մասին` ան ըսաւ, որ Լիբանան 1990-էն ի վեր այս մտահոգութիւնը կ՛ապրի, եւ թէեւ այս փուլը բարեկարգումի փուլ է, սակայն կախարդական գաւազան մը չկայ, որ ամէն ինչ կարգի կը բերէ եւ պետական պարտքը շուտով կ՛ոչնչացնէ: «Լիբանանի մէջ օրէնքի եւ պետական պիւտճէն յարգելու մշակոյթը, ինչպէս նաեւ իսկական բարեկարգումի փուլ թեւակոխելը այս շրջանին հրամայականն է: Շարունակենք խորհրդարանի վերահսկողութիւնը իրականացնել, կառավարութեան արդիւնաբերութեան զուգահեռաբար, որպէսզի վերագտնենք յոյսը», ըսաւ ան: