Հզօր Լիբանան համախմբումը, ինչպէս ամէն երեքշաբթի, երէկ եւս գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք համախմբումի քարտուղար երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան մամլոյ ասուլիս մը տուաւ եւ հաղորդեց, որ համախմբումը կ՛ողջունէ կառավարութեան կազմութեան գծով վերջին շրջանին տիրող դրական մթնոլորտը, աւելցնելով, որ բոլորս քաջատեղեակ ենք ներկայ կացութեան մէջ կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութեան: Երեսփոխան Քանաան աւելցուց, որ բոլորս ալ լաւ գիտենք գործադիր եւ արդիւնաւէտ կառավարութեան անհրաժեշտութիւնը ներկայ փուլին, հետեւաբար համախմբումը իր դրական մօտեցումով իր ձեռքը բոլորին կ՛երկարէ, մանաւանդ որ յաջորդ փուլը արդիւնաբերութեան փուլն է: Ան յայտարարեց, որ համախմբումը ողջունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան` կառավարութեան մասնակից դառնալու որոշումը, յոյս յայտնելով, որ մնացեալ հարցերուն համար ալ լուծումներ գտնուին եւ կառավարութիւնը օրեր ետք լոյս աշխարհ գայ:
Երեսփոխան Քանաան յայտնեց, որ համախմբումը օրէնսդրական առաջնահերթութիւններ դրած է, ի մասնաւորի համախմբումին առաջադրած օրինագիծերու եւ օրէնսդիր նիստին օրակարգին վերաբերեալ` մանաւանդ ուժանիւթի նախարարութենէն եկած առաջարկներուն մասին, ինչպէս նաեւ այն օրինագիծը, որ քաղաքապետութիւնները զերծ կը պահէ նախորդ 20 տարիներու ընթացքին իրենց վրայ աղբի պատճառով կուտակուած տուրքերէն: Ան ընդգծեց, որ համախմբումը կառավարական եւ խորհրդարանական մակարդակներու վրայ շահագրգիռ է ժողովուրդին առաջնահերթութիւններուն` յոյս յայտնելով, որ կառավարութեան կազմութենէն ետք կարելի ըլլայ թէ՛ կառավարական եւ թէ՛ խորհրդարանական մակարդակներու վրայ աշխատիլ ի նպաստ ժողովուրդին:



