Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աունի Պաշտօնավարութեան Երկրորդ Տարեդարձի Նշում` Բաց Քննարկումով

November 1, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իր նախագահական պաշտօնավարութեան երկրորդ տարեդարձին առիթով, նախագահ զօր. Միշել Աուն, երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Լիբանանի պատկերասփիւռներու եւ ձայնասփիւռներու կայաններէն խումբ մը լրագրողներու հետ ուղղակի եւ բաց հարցազրոյց մը ունեցաւ:

Մէկուկէս ժամ տեւած հարցազրոյցը առիթ հանդիսացաւ նախագահին ամբողջական ակնարկ մը նետելու Լիբանանի ներկայ իրավիճակին դրդապատճառներուն վրայ եւ անդրադառնալու երկրին հրատապ հարցերուն ու մարտահրաւէրներուն:

Զրոյցին մեկնակէտն էր նախագահին հաստատումը, որ Լիբանան միջազգային ընտանիքին առջեւ միշտ ալ հանդէս եկած է արդար եւ ճիշդ դատերով, իսկ ներկայիս Լիբանան կը վերադառնայ միջազգային դաշտ եւ իր ձայնը լսելի կը դարձնէ: «Լիբանան ժողովրդավարական ու չափազանց բազմաշերտ երկիր մըն է: Կառավարութեան կազմութիւնը կը պահանջէ բոլոր կողմերուն ներկայացուցչութիւնը` առանց որեւէ կողմի լուսանցքայնացման, այսուհանդերձ կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուշանայ կարգ մը ոչ արդարացի խոչընդոտներու պատճառով», ըսաւ ան: Նախագահ Աուն աւելցուց, որ զօրաւոր վարչապետի մը գոյութիւնը հրամայական է մեզի համար` նկատի ունենալով վերջինիս դիմագրաւելիք լուրջ մարտահրաւէրները: նախագահը յայտնեց, որ անհրաժեշտ է, որ կառավարութիւնը կազմուած ըլլայ համագործակցութեան եւ փոխադարձ հասկացողութեան հիման վրայ, որպէսզի առիթ ընծայէ շատ գործեր իրականացնելու:

Խօսելով մարտահրաւէրներուն մասին` նախագահ Աուն ըսաւ, թէ «կարգ մը հարցեր խորհրդարանի եւ այլ հարցեր կառավարութեան աշխատանքի ծիրին մէջ կ՛իյնան», ու յայտնեց, որ մէջտեղ բերած են փտածութեան դէմ պայքարի նախարարութիւն, որ պիտի գործակցի փտածութեան դէմ պայքարի զանազան վարչութիւններուն հետ. փտածութեան յանցանքը թէ՛ քաղաքացիին եւ թէ՛պետական պաշտօնեային կը պատկանի:

Այլ հարցերու կողքին հանրապետութեան նախագահը խօսեցաւ նաեւ ելեկտրականութեան հարցին մասին: Ան յայտարարեց, թէ ծրագիրներ առաջադրուած են եւ երկու տարուան ժամանակամիջոցի կը կարօտին իրագործուելու համար: «Հարցը այն է, որ բաց մը գոյութիւն ունի եւ ատիկա պէտք է ամբողջանայ արտադրողական կեդրոններու կառուցումով: Կը յուսանք, որ գալիք նախարարութիւնը պիտի կարենայ իրականացնել այս հարցին լուծումը», նշեց Աուն:

Ինչ կը վերաբերի աղբի տագնապին, նախագահը յայտարարեց, որ յառաջիկայ օրէնսդրական նիստէն կ՛ակնկալեն հարցին լուծման օրէնքներու վաւերացումը:

Տնտեսական  նահանջին մասին նախագահ Աուն ըսաւ, թէ ատիկա ակնյայտ է եւ պատճառ կը հանդիսանայ մեծ թիւով քաղաքացիներու գաղթին: Քաղաքական իրադարձութիւններուն տնտեսական իրավիճակին վրայ ազդեցութիւն չունենալը կախեալ է երեսփոխաններէն եւ պատասխանատու մարմիններէն, եւ քաղաքացիները իրենք հաշուի պիտի կանչեն զանոնք ընտրութիւններուն ընթացքին: «Ամերիկեան պատժամիջոցները, որոնք բնականաբար կ՛ազդեն տնտեսութեան վրայ, տնտեսական գաղութատիրութիւն են», ըսաւ Աուն:

Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներուն ճգնաժամին` նախագահը ըսաւ, թէ ամէն անգամ որ խօսինք անոնց տունդարձի մասին, ՄԱԿ-ը խոչընդոտներ կը դնէ մեր առջեւ: «Երբ առաջին անգամ խօսեցայ Լիբանանին` իր կարողութենէն աւելի սուրիացի տեղահանուածներ ընդունելու իրողութեան մասին, բոլորը դէմս ելան զիս ցեղապաշտ կոչելով. անոնց տունդարձի հարցին լուծումը մեր շահերէն կը բխի եւ որեւէ այլ երկրի չի վնասեր», ըսաւ ան եւ հաստատեց, որ Սուրիոյ թղթածրարը պէտք է փակուի Արաբական լիկային մէջ:

«Մենք աշխարհին դիմեցինք ըսելով, որ շուտով լուծումներու թող յանգին եւ մեզի վերադարձնեն մեր գրաւեալ հողերը: Մենք կը խօսինք լիբանանցի ժողովուրդին Դիմադրութեան մասին եւ ո՛չ միայն Հըզպալլայի: Այն ինչ որ ըրաւ Հըզպալլան, իր հողերը պաշտպանելն էր, ու մենք ՄԱԿ-ի մէջ շեշտեցինք, որ անիկա ահաբեկչական կազմակեպութիւն չէ: Մենք մեր միասնակամութեամբ եւ մեր զէնքերով կրնանք դիմադրել թշնամիին», յայտնեց ան:

Եզրափակելով հարցազրոյցը` նախագահ Աուն յայտնեց, որ անհրաժեշտ է զօրաւոր վարչապետի մը կառավարութեան գլուխ անցնիլը, ըլլայ անիկա Հարիրին թէ ուրիշ մէկը: Ու խօսքը ուղղելով ժողովուրդին, ըսաւ. «Ինծի նախագահութեան հասցնողը ձեր նեցուկը, վստահութիւնն ու սէրն էր: Պիտի փորձեմ պահել ինծի տուած ձեր վստահութիւնը` կատարելով ձեզի տուած իմ խոստումներս»:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Կ՛աշխատինք Քաղաքական Կեանքին Մէջ Կիներուն Մասնակցութիւնը Ամրապնդելու Համար

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.