Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիւքսամպուրկի դքսուհի Մարիա Թերեզան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի եւ Հարիրիի խորհրդատու Նատիմ Մունլա: Անոնք քննարկեցին Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու հարցը եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ու այլ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու այս հարցին գծով տրամադրած մարդասիրական օգնութիւնները: Հանդիպումին աւարտին սարքուեցաւ ճաշ` ի պատիւ դքսուհիին:
Վարչապետ Հարիրի ընդունեց նաեւ Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի տնօրէն Սարուժ Քումարը եւ նոյն դրամատան ուժանիւթի եւ արդիւնահանման բաժանմունքի տնօրէն Ռիքարտօ Փուլիթին: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ «Սետր» խորհրդաժողովին վերաբերող ծրագիրներ:
Վարչապետ Հարիրի հանդիպում ունեցաւ նաեւ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշիին հետ: Հանդիպումէն ետք Ռիաշի յայտարարեց, թէ ան, ներկայացնելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, վարչապետին ներկայացուց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարներուն եւ նախարարութիւններուն անուանացանկը: Նախարար Ռիաշի աւելցուց, որ վարչապետը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ժահժահի հետ ու ողջունած կառավարութեան կազմութեան ընթացքը հարթող անոր ջանքը: «Չիւրացուցինք յոյն կաթողիկէ համայնքին աթոռները, եւ հոսկէ կու գամ հաստատելու, որ ես յառաջիկայ կառավարութեան մէջ պաշտօն չունիմ: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կապուած մեր առաքելութիւնը վերջ կը գտնէ այսպէս: Վարչապետը պէտք եղած քայլերը կ՛առնէ եւ շուտով կը կազմուի կառավարութիւնը», հաստատեց ան:



