Պըրրի Ընդունեց Լիւքսամպուրկի Դքսուհին
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիւքսամպուրկի դքսուհի Մարիա Թերեզան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ու շրջանի իրավիճակը եւ Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները սուրիացի տեղահանուածներուն հարցին գծով: Ապա, խորհրդարանի նախագահը ընդունեց լեհ նախարարներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Լեհաստանի եւ Լիբանանի խորհրդարաններու բարեկամութեան համագործակցութեան խմբակցութեան նախագահ երեսփոխան Պաւել Սքուիթիսքիի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Գործատէրերու Լիբանանի միջազգային միութենէն պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ...




















