Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանը Կ՛այցելէ Ֆրենժիէին

November 3, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մարատա» հոսանքի ղեվակար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի իր տան մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս, երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ եւ Անթուան Մըրհեպ:

Հանդիպումէն ետք դեսպանը դիտել տուաւ, որ թէեւ այս հանդիպումը ծանօթացման առաջին հանդիպումն է երեսփոխան Ֆրենժիէի հետ, բայց Իրանի, երեսփոխան Ֆրենժիէի եւ «Մարատա» հոսանքին միջեւ ծանօթութիւնը հին ժամանակներէ կու գայ, եւ յոյս յայտնեց, որ լաւ յարաբերութիւնները շարունակուին: Ան մաղթեց, որ Լիբանան շուտով կազմէ իր կառավարութիւնը եւ աւելի սերտանան տարբեր ոլորտներու մէջ Իրանի ու Լիբանանի փոխյարաբերութիւնները:

Խօսելով Ամերիկայի պատժամիջոցներուն մասին` դեսպանը ըսաւ. «Մենք կը նկատենք, որ ամերիկացիները սխալ ընթացք ընտրեցին, երբ միակողմանի կերպով դուրս եկան հիւլէական զէնքի համաձայնագիրէն, եւ դժբախտաբար կը շարունակեն այս սխալ ընթացքը: Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները անարդար, բռնակալ եւ անօրէն են, ինչպէս նաեւ` ապարդիւն. ասիկա փաստուած է պատմութեան փորձառութենէն, ուր Իրան յաղթանակած դուրս եկած է անոնց դէմ առաջին մէկ օրէն: Իրանը շրջափակելու բազմաթիւ փորձեր կատարուած են, սակայն անոնցմէ որեւէ մէկը արդիւնք չէ տուած ու կը յուսանք, որ Միացեալ Նահանգներ դադրին շրջաններու եւ ժողովուրդներու դէմ նման սխալ ու անարդար քաղաքական քայլեր առնելէ»:

Նախորդը

Վիճակագրական Հետազօտութիւններու Եւ Վարժութիւններու Արաբական Հիմնարկի Վարչական Խորհուրդի Ժողով

Յաջորդը

Իսրայէլ Կը Զգուշացնէ Լիբանանը` Ֆրանսացի Միջնորդի Ճամբով

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.