Երէկ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը: Անոնք քննարկեցին տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: Լասըն յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ կառավարութիւնը ի մտի ունենայ Լիբանանի համար միջազգային ընտանիքին աջակցութեան սկզբունքները, որոնք արծարծուած էին Հռոմի, Փարիզի եւ Պրիւքսելի մէջ այս տարուան ընթացքին կայացած միջազգային խորհրդաժողովներուն ընթացքին, եւ որոնք կ՛ընդգրկէին արտաքին տագնապներէն հեռու մնալու, Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութեան համար ազգային երկխօսութեան վերակենդանացումի եւ Լիբանանի տնտեսական մնայուն աճի համար շարք մը բարեփոխումներ կատարելու հրամայականները:
Նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ տեսակցութիւն ունեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Նաթալիա Քանիմի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ: Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան կ՛աշխատի կիներու եւ փոքրերու իրաւունքներու հաստատման եւ կիներու մասնակցութիւնը քաղաքական կեանքին մէջ ամրապնդելու համար: Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի մէջ խօսքի ազատութիւնը կը պահպանուի, ինչպէս նաեւ կը պահպանուի դատական իշխանութեան անկախութիւնը, իսկ բանտարկութեան պայմաններու բարելաւման աշխատանքը ընթացքի մէջ է: Զօր. Աուն գործադիր տնօրէնին զեկուցեց նաեւ երկրին տնտեսական եւ ապահովական իրավիճակներուն, ընտրական օրէնքի փոփոխութեան եւ առաւելագոյն չափով երկրին բոլոր հատուածները խորհրդարանին մէջ ներկայացնելու մասին:
Նշենք, որ երէկ թուիթըրեան գրառումով հանդէս եկաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ շնորհաւորեց հանրապետութեան նախագահը` պաշտօնավարութեան երկամեակին առիթով. «Քանի որ երկու տարուան ընթացքին իրականացուցիր այն, ինչ որ չկրցան իրականացնել տասնամեակներու ընթացքին, եւ յաջողեցար, ուր որ ձախողեցան տասնամեակներ շարունակ, կը խափանեն, կը խոչընդոտեն, կը ստեն, կը հայհոյեն. նախանձախնդիր են հարուածելու այլոց յաջողութիւնները քան յաջողութիւն արձանագրելու, իսկ մենք, ինչպէս որ վարժուած ու խոստացած ենք, սկիզբէն մինչեւ վերջ, պիտի յառաջդիմենք ու ոչ մէկ բան պիտի արգիլէ մեզ», գրած է Պասիլ:



