Լիբանանեան

Նախարար Կիտանեան Այցելեց  Եգիպտոսի Դեսպանին

Նախարար Կիտանեան Այցելեց Եգիպտոսի Դեսպանին

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարիի: Հանդիպումին ընթացքին նախարար Կիտանեան անդրադարձաւ Եգիպտոսի մասին իր յայտարարութեան ստեղծած թիւրիմացութեան եւ լուսաբանեց դեսպան Նաժարին` ներողութիւն խնդրելով իր արտայայտութեան դուռ բացած վատ մեկնաբանութեան համար: Ա. Կիտանեան ընդգծեց Եգիպտոսի, անոր իշխանութիւններուն, կառավարութեան եւ ժողովուրդին նկատմամբ իր յարգանքը: Նախարար Կիտանեան հաստատեց իր յանձնառութիւնը լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւններուն հանդէպ, յատկապէս զբօսաշրջութեան մարզին...

Հզօր Լիբանան Համախմբում.  Հարցերու Լուծման  Հիմքը Երկխօսութիւնն Է

Հզօր Լիբանան Համախմբում. Հարցերու Լուծման Հիմքը Երկխօսութիւնն Է

Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ համախմբումը առաջին օրէն իսկ պահանջած է կառավարութեան կազմութեան մէկ չափանիշ ճշդել` աւելցնելով, որ պէտք է անյապաղ կազմել Լիբանանի կառավարութիւնը` դիմագրաւելու համար երկրին սպառնացող մարտահրաւէրները: Քանաան շեշտեց, որ հարցերու լուծման հիմքը երկխօսութիւնն է` շեշտելով,...

Պաապտայի Մէջ.  «Նախագահ Աուն Պիտի Մերժէ Կառավարութեան  Կազմութեան Հոլովոյթի Արգելակումը,  Եւ Պէտք Է Զօրակցիլ Անոր Կեցուածքին»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Պաապտայի Մէջ. «Նախագահ Աուն Պիտի Մերժէ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթի Արգելակումը, Եւ Պէտք Է Զօրակցիլ Անոր Կեցուածքին» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանին վերաբերող շարք մը հարցեր, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող խնդիրները: Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ նախագահ Աունին ներկայացուցած է իր կատարած հովուապետական այցելութեան արդիւնքները, Հռոմի մէջ տեղի ունեցած երիտասարդական եռօրեայ սիւնհոդոսին կապուած մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ 22 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս պապին հետ...

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Կոչ Կ՛ուղղէ  Պըրրիին Սիւննիական Ներկայացուցչութեան  Թնճուկը Հանգուցալուծելու

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Կոչ Կ՛ուղղէ Պըրրիին Սիւննիական Ներկայացուցչութեան Թնճուկը Հանգուցալուծելու

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի  ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անհրաժեշտ նկատեց կառավարութեան մէջ սիւննիական ներկայացուցչութեան հարցին լուծումը: Ան նշեց, որ կան սահմանադրական լուծումներ, որոնք կրնան աւելի դժուար ըլլալ, քան կառավարութեան կազմութիւնը` աւելցնելով, որ ի վերջոյ վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի վերադառնայ Լիբանան: Երեսփոխան Բագրատունի կոչ ուղղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին սիւննիական ներկայացուցչութեան...

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց  Լիագումար Նիստի

Պըրրի Խորհրդարանը Հրաւիրեց Լիագումար Նիստի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որ պիտի գումարուի երկուշաբթի, 12 եւ երեքշաբթի, 13 նոյեմբերին` քննարկելու եւ վաւերացնելու համար խորհրդարանական տարբեր յանձնախումբերուն կողմէ մշակուած շարք մը օրինագիծեր: Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար զօր. Ճոն Լորիմըրը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Պըրրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման...

Պասիլ Ընդունեց Գերմանիոյ  Դեսպանն Ու Մաքրոնի Պատուիրակը

Պասիլ Ընդունեց Գերմանիոյ Դեսպանն Ու Մաքրոնի Պատուիրակը

Արտաքին գործոց նախարար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Ճորճ Պերկելինան: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին վերաբերող հարցեր: Պասիլ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Օրելիան տը Շըվալիէն: Պասիլի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ֆրանսայի մէջ 34 տարիէ ի վեր բանտարկուած Ժորժ Ապտալլայի ընտանիքէն պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումէն ետք Ժորժ...

Ապպաս Իպրահիմ Իրանի Դեսպանին Հետ  Քննարկեց Շարք Մը Հարցեր

Ապպաս Իպրահիմ Իրանի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Շարք Մը Հարցեր

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային շարք մը հարցեր: Հանդիպումը ունէր նաեւ ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ: Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:  

Քանաան Ֆուշէի Հետ Քննարկեց «Սետր»-ի  Խորհրդաժողովին  Եւ Բարեկարգումներուն Վերաբերող Հարցեր

Քանաան Ֆուշէի Հետ Քննարկեց «Սետր»-ի Խորհրդաժողովին Եւ Բարեկարգումներուն Վերաբերող Հարցեր

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները: Քննարկումի հիմնական առանցք դարձան ելեւմտական եւ տնտեսական մարզերուն վերաբերող հարցեր: Քանաան եւ Ֆուշէ քննարկեցին նաեւ խորհրդարանին եւ կառավարութեան աշխատանքները, որոնց շարքին` «Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումները գործադրելու, յատկապէս բարեկարգումները իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Օրելիան տը Շըվալիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ կառավարութեան կազմը կրնայ ամբողջանալ եւ յայտարարուիլ, երբ Հըզպալլա իր նախարարներուն անունները յանձնէ վարչապետին: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս երէկ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլը,...

Պըրրի. «Անկախ Սիւննիներուն  Ներկայացուցչութիւնը Քաղաքական  Հարց Է Եւ Ոչ Թէ Համայնքային»

Պըրրի. «Անկախ Սիւննիներուն Ներկայացուցչութիւնը Քաղաքական Հարց Է Եւ Ոչ Թէ Համայնքային»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի բացայայտած է, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիին եւ անկախ սիւննիներուն, անցնող ամիսներուն, բազմիցս յանձնարարած է համաձայնութեան գալ եւ խուսափիլ բախումներէ: Պըրրի յորդորած է Հարիրիին երկխօսութեան ճամբով հասկացողութեան գալ անկախ սիւննիներուն հետ, իսկ վերջիններուս պատուիրած է առանձին պլոք մը կազմել: Պըրրի դիտել տուած է, որ անկախ սիւննիներուն նախարարական ներկայացուցչութեան խնդիրը նոր չէ, առաջին մէկ օրէն գոյութիւն ունէր եւ...

Ռայի Պատրիարք. «Կառավարութեան  Կազմութիւնը Ոչ Թէ Ըստ Քաղաքագէտներու,  Այլ Ըստ Սահմանադրութեան Պէտք Է Ըլլայ»

Ռայի Պատրիարք. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Ոչ Թէ Ըստ Քաղաքագէտներու, Այլ Ըստ Սահմանադրութեան Պէտք Է Ըլլայ»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ ընդգծեց, թէ քաղաքական ճգնաժամը, որ տնտեսական, կենցաղային եւ նիւթական դժուարութիւններ կը պատճառէ, կը բխի անձնական, դասակարգային, համայնքային եւ արտաքին հաւատարմութիւններու շահերու հետեւորդներու անխղճութենէն: «Այս բոլորը կը կատարուին պետական հաստատութիւններուն եւ օրէնքին հաշուոյն, ինչպէս ցոյց կու տայ կառավարութեան կազմութեան ընթացքը ընտրութենէն վեց ամիս եւ կառավարութեան կազմութեան յանձնառութեան ստանձնումէն հինգ ամիս ետք»,...

Պասիլ. «Առողջապահութիւնը Ընդհանուր  Պատասխանատուութիւն Է Պետութեան,  Քաղաքացիին Եւ Սեփական Մարզին Միջեւ»

Պասիլ. «Առողջապահութիւնը Ընդհանուր Պատասխանատուութիւն Է Պետութեան, Քաղաքացիին Եւ Սեփական Մարզին Միջեւ»

«Լիբանանեան ներուժը առողջապահութեան համար» խորհրդաժողովին բացման հանդիսութեան ընթացքին, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ առողջապահութեան հարցը ընդհանուրին անհրաժեշտութիւն է եւ անոր մասին խօսիլը անիմաստ է, եթէ պիտի չծառայէ մարդոց վիճակին բարելաւման` աւելցնելով, որ առողջապահութիւնը պետութեան, քաղաքացիին եւ սեփական մարզին, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան հատուածին պատասխանատուութիւնն է: Պասիլ ըսաւ, թէ Լիբանանի մէջ...

Նայիմ Քասեմ. «Եթէ Նոյնիսկ Հարիրի Իր Տասը  Մատները Մոմի Նման Վառէ, Սէուտական Արաբիա  Պիտի Չընդունի Անոր Վարչապետ Ըլլալը»

Քասեմ. «Կառավարութիւնը Չ՛ամբողջանար Առանց Անկախ Սիւննիներուն Մասնակցութեան»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտարարեց, թէ վարչապետ Հարիրի կառավարութեան կազմութեան գծով լսեց բոլոր կողմերուն, ներառեալ անկախ սիւննիներուն կարծիքներն ու կեցուածքները: Այս հոլովոյթին մէջ, կառավարութեան կազմութեան դիմաց երեւան ելաւ երեք հանգոյց` Լիբանանեան ուժերու, տիւրզիներու եւ անկախ սիւննիներու հանգոյցները. հետեւաբար, սիւննիներու խնդիրը նոր խնդիր չէ: Հըզպալլան, մամուլի ճամբով կարծիք յայտնելու փոխարէն, նախընտրած էր խնդրոյ առարկաներուն յայտնել իր կեցուածքը բոլոր...

Ֆրենժիէ. «Մեր Քաղաքական Սկզբունքներու Հիման Վրայ Կը Գործենք»

Ֆրենժիէ. «Մեր Քաղաքական Սկզբունքներու Հիման Վրայ Կը Գործենք»

«Մարատա» հոսանքի ղեվակար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ Լիբանանի նախկին նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէի Զղարթայի պալատին մէջ ընդունեց Էհտենի ջարդին ընթացքին զոհուածներուն ծնողները: Անոնց հետ տեսակցութեան ընթացքին, երեսփոխանը խօսեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ իրենց ունեցած հանդիպումներուն մասին եւ յայտնեց, որ Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած հաշտութենէն ետք բնական է, որ ըլլան երկխօսութիւններ, իսկ ապագայի նկատմամբ դրական ակնկալութիւններով տրամադրուած են անոնք: Ֆրենժիէ ըսաւ, թէ մեկնելով...

Ըստ Իսլամական Կրօնական Խորհուրդին.  «Կառավարութեան Կազմութեան Թնճուկը  Պետութիւնը Անկարողութեան  Առջեւ Դնելու Փորձ Է»

Ըստ Իսլամական Կրօնական Խորհուրդին. «Կառավարութեան Կազմութեան Թնճուկը Պետութիւնը Անկարողութեան Առջեւ Դնելու Փորձ Է»

Իսլամական կրօնական խորհուրդը յայտարարեց, թէ աչալուրջ է կառավարութեան կազմութեան խաղաղ եւ համերաշխ մթնոլորտի մէջ տեղի ունենալուն` դիտել տալով, որ կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտներու առջեւ դնելը պետութիւնը, սահմանադրութիւնն ու հաստատութիւնները անկարողութեան առջեւ դնելու փորձ է: Խորհուրդը կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն համագործակցելու եւ հեռու մնալու անհամաձայնութիւններէ` յոյս յայտնելով, որ մինչեւ Լիբանանի անկախութեան տօն կառավարութիւնը կազմուած ըլլայ: Իսլամական կրօնական խորհուրդը դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւններուն...

Սինիորա. «Անկախ Սիւննիներուն Հանգոյցը  Կառավարութեան Կազմութիւնը  Խոչընդոտելու Համար Է»

Սինիորա. «Անկախ Սիւննիներուն Հանգոյցը Կառավարութեան Կազմութիւնը Խոչընդոտելու Համար Է»

Լիբանանի նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Սայտայի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Մուսթաքպալ» հոսանքի հարաւային Լիբանանի շրջանի պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ ընդհանուր համադրող Նասըր Համմուտի եւ Սայտայի համադրող Ամին Հարիրիի: Խօսելով անկախ սիւննիներու հանգոյցին մասին` Սինիորա ըսաւ, թէ այս հարցը դիտումնաւոր կերպով մէջտեղ դրուած հարց է, որպէսզի խոչընդոտուի կառավարութեան կազմութիւնը: Հանդիպման ընթացքին երկու կողմերը շեշտեցին կառավարութեան կազմութիւնը արագացնելու կարեւորութիւնը` դիմագրաւելու համար տնտեսական, դրամական եւ...

Նախագահ Աուն Կը Հետեւի Կառավարութեան  Կազմութեան Հոլովոյթին

Նախագահ Աուն Կը Հետեւի Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին

Նախագահ զօր. Միշել Աուն կը հետեւի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին, որուն առնչութեամբ Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ շարք մը տեսակցութիւններ ունեցաւ: Դիւանագիտական հանդիպումներու ծիրին մէջ, հանրապետութեան նախագահը տեսակցեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշիէի հետ: Անոնք քննարկեցին տեղական ու շրջանային զարգացումները, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, Լիբանանի եւ Ֆրանսայի երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ խօսեցան Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի` յառաջիկայ փետրուարին Լիբանան կատարելիք այցելութեան ու...

Յակոբ Բագրատունի «Էլ. Պի. Սի.»-ին.  «Պետական Նախարարով Հայերուն Ներկայացուցչութիւնը  Կառավարութեան Մէջ Քննարկման Ենթակայ Չէ»

Յակոբ Բագրատունի «Էլ. Պի. Սի.»-ին. «Պետական Նախարարով Հայերուն Ներկայացուցչութիւնը Կառավարութեան Մէջ Քննարկման Ենթակայ Չէ»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ պետական նախարարով հայերուն ներկայացուցչութիւնը կառավարութեան մէջ քննարկման ենթակայ չէ ո՛չ այսօր, ո՛չ ալ գալիք օրերուն: Եթէ քրիստոնեաներուն վերապահուած են պետական երեք նախարարութիւններ, պայման չէ, որ ատիկա հայ համայնքին հաշուոյն տեղի ունենայ. հոն կան մարոնիները, կաթողիկէները եւ...

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահը  Կը Հովանաւորէ Շարլ Ազնաւուրի Նուիրուած  Գեղարուեստական Հանդիսութիւնը

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահը Կը Հովանաւորէ Շարլ Ազնաւուրի Նուիրուած Գեղարուեստական Հանդիսութիւնը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Լիբանանի պետական երաժշտանոցի տնօրէն Պասսամ Սապա, Համազգայինի ներկայացուցիչ Յակոբ Հաւաթեան եւ Պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գլխաւոր ղեկավար Յարութ Ֆազլեան, այցելեց նախագահական պալատ եւ առաջարկեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին հովանաւորելու Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին նուիրուած գեղարուեստական հանդիսութիւնը: Հանրապետութեան նախագահը մեծ դրուատիքով արտայայտուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի վաստակին եւ արուեստին մասին, ինչպէս նաեւ...

Իսրայէլ Կը Զգուշացնէ Լիբանանը`  Ֆրանսացի Միջնորդի Ճամբով

Իսրայէլ Կը Զգուշացնէ Լիբանանը` Ֆրանսացի Միջնորդի Ճամբով

Իսրայէլեան «Մաարիֆ» թերթը կը հաղորդէ, որ Թել Աւիւ, Ֆրանսական միջնորդութեամբ, ազդարարած է Լիբանանը եւ թելադրած փակել տալ Հըզպալլայի կառոյցները, որոնք, ըստ Իսրայէլին, կը գործածուին ճշգրտօրէն թիրախաւորող հրթիռներ պատրաստելու համար: Իսրայէլ զգուշացուցած է Լիբանանը, որ հակառակ պարագային, պիտի ստիպուի ինք տանիլ այս աշխատանքը, եթէ Լիբանան չառնէ պէտք եղած քայլերը այս առնչութեամբ: Թերթը կը գրէ, որ Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան փոխխորհրդատու Իթան Պեն...

Page 605 of 988 1 … 604 605 606 … 988

Արխիւներ