Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը երէկ գումարեց իր քաղաքական գրասենեակի հերթական նիստը, որուն կը նախագահէր երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ: Նիստին քննարկուեցան քաղաքական վերջին իրադարձութիւնները, իսկ նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ կուսակցութիւնը եկաւ յայտարարելու, թէ երբ կառավարութեան կազմութիւնը իրականանայ, լիբանանցիներուն միտքը պիտի զբաղեցնէ հետեւեալ հարցումը` ի՛նչ բանի շուրջ կը կռուէին բաժիններ պահանջողները անցնող վեց ամիսներուն ընթացքին, երբ փաստօրէն մեծամասնական աթոռները մնացին նոյն վիճակին մէջ, իսկ ասոր գինը լիբանանցին ի՛նք վճարեց իր տնտեսական վիճակով, ջղային համակարգի եւ առողջական անկումով ու յուսահատութիւններով: Հաղորդագրութիւնը կը շարունակէ, որ այս բոլորը տեղի կ՛ունենան նոր հանգոյցներու եւ աւելի ուշացումներու ծիրին մէջ: «Վեց ամսուան տեւողութեան վրայ երկարող նախարարութիւններէ բաժիններ պահանջելը անգամ մը եւս պատճառ դարձաւ, որ երկիրը կորսնցնէ իր ինքնիշխանութիւնն ու ազատ որոշում առնելու կարողութիւնը, մինչ կողմերը զբաղած են աւարի բաժանումով», կը նշէ հաղորդագրութիւնը` շարունակելով, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը յուսայ, որ կառավարութեան գործունէութեան ընթացքը կառավարութեան կազմութեան ընթացքին նման տեղի չունենայ, այդ պարագային երկիրը անկումի կը տանի:
«Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը զգուշացնէ Միէ Միէ գաղթակայանին մէջ տեղի ունեցող միջպաղեստինեան յաճախակի բախումներուն հետեւանքներէն, եւ կոչ կ՛ուղղէ գաղթակայանը ռազմական տարածք յայտարարելու եւ լիբանանեան բանակին յանձնելու», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:



