Կառավարութեան կազմութեան գծով անկախ սիւննիներու նախարարական ներկայացուցչութեան առնչութեամբ վարչապետ Հարիրիի կատարած յայտարարութեան ի պատասխան, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ դիտել տուաւ, որ վարչապետը կ՛անտեսէ Մուսթաքպալ հոսանքին մաս չկազմող սիւննիներուն իրաւունքները` աւելցնելով, որ «հիմնական թնճուկը ոչ թէ կառավարութեան մէջ մեր մասնակցութիւնն է, այլ Հարիրիին անտեսումն է մեր ներկայացուցչութեան եւ ընտրապայքարին ձեռքբերած մեր յաղթանակին»: Երեսփոխանը ըսաւ, թէ բոլոր համայնքներու մէջ երկու կամ երեք կողմեր կ՛ըլլան, բացի սիւննի համայնքին մէջ, ուր միակողմանի է ամէն բան. «Միթէ Մուսթաքպալ հոսանքը Լիբանանի բոլո՞ր սիւննիները կը ներկայացնէ», հարց տուաւ երեսփոխան Քարամէ:
Ձայնասփիւռի կայանի մը տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Քարամէ յայտնեց, որ Հարիրին նախադէպ արձանագրած է ոչ ամբողջական կառավարութեան կազմութեան իր այս կեցուածքով, ու գնդակը նախագահին դաշտը նետելով: «Հարիրին պէտք է պատշաճի սիւննի համայնքին ներկայ իրավիճակին», ըսաւ Ֆայսալ Քարամէ:
Միւս կողմէ, նախագահական պալատի` կառավարութեան կազմութեան ծրարով զբաղողներ «Մուսթաքպալ» թերթին յայտնած են, որ Մուսթաքպալ հոսանքէն անկախ սիւննիներու` նախարարութեան պաշտօնի նշանակուիլը տակաւին քննարկումի ընթացքին մէջ է: Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ թէեւ նախագահ զօր. Աունին մէկ սիւննի երեսփոխան բաժին կ՛իյնայ, սակայն ատիկա պիտի ըլլայ Հարիրիի բաժինին մէկ քրիստոնեայ նախարար փոխանցելու փոխարէն, հետեւաբար նախագահը պայման չէ անկախ սիւննիներէն նախարար մը նշանակէ: