Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ընդունեց Պշարա Ռայի Պատրիարքը Եւ Պրազիլի Նախագահին Անձնական Ներկայացուցիչը

December 15, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը: Նախագահ Աուն Ռայի պատրիարքին հետ քննարկեց քաղաքական վերջին զարգացումները եւ երկրին ընդհանուր կացութիւնը: Կողմերը նաեւ անդրադարձան պատրիարքին Հռոմ կատարած այցելութեան արդիւնքներուն եւ ֆրանչիսկոս պապին հետ հանդիպման:

Պատրիարքը նախագահին յայտնեց, որ հանրապետութեան պատասխանատուութիւնը միայն հանրապետութեան նախագահին ուսերուն վրայ չի դրուիր, այլեւ` իւրաքանչիւր լիբանանցի քաղաքացիի, յատկապէս անոնց վրայ, որոնք առնչուած են կառավարութեան կազմութեան հետ:

Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը լրագրողներուն ըսաւ. «Մենք միշտ նախագահին կողքին ենք, քանի որ նախագահը կարիքը ունի իր ժողովուրդին եւ հայրենիքի բաղադրիչ տարրերուն, որպէսզի կարենայ իշխել: Եւ ես ատիկա լսեցի հանրապետութեան նախագահէն: Ես իմ կողմէս փոխանցեցի ժողովուրդին մտահոգութիւնը, որուն ինքն ալ լաւատեղեակ է»:

«Վերաբերմունքը, որուն ականատես կ՛ըլլանք կառավարութեան կազմութեան գծով, ճիշդ չէ: Կարծես իւրաքանչիւր խումբ իր կեցուածքին կառչած է: Պէտք է մտածել միացեալ պատասխանատուութեամբ եւ քաղաքականութեամբ երկրի ընդհանուր շահին օգտին, որպէսզի հասնինք արդիւնքի»:

Ռայի պատրիարքը ըսաւ, որ կարելի չէ քաղաքական գործ տանիլ եւ ամէն բան անտեսել անձնական շահերու համար: Պատրիարքը շեշտեց, որ պէտք է երկրին բարօրութիւնը առաջնահերթ նկատել:

Ռայի պատրիարքը նաեւ նշեց, որ հանրապետութեան նախագահը կը սպասէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերադարձին, որպէսզի անոր հետ շարունակէ աշխատանքները: Նախագահը չի կրնար որոշումներու հասնիլ առանց վարչապետի ներկայութեան, եւ եթէ բոլոր կողմերը եւ քաղաքական մասերը Լիբանանի մէջ իրենց պատասխանատուութիւնը չստանձնեն:

Աուն Եւ Մարուն

Այնուհետեւ նախագահ Աուն ընդունեց Պրազիլի նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Քարլոս Էտուարտօ Խավիեր Մարունը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Պրազիլի դեսպան Փաուլօ Քորտերօ Տէ Անտրատէ Փինթոյի:

Մարուն նախագահ Աունին ներկայացուց Պրազիլի ընթացաւարտ նախագահ Միշել Թեմերի շնորհակալութիւնը իր նախագահական պաշտօնավարութեան նստաշրջանին երկուքին միջեւ տեղի ունեցած հարուստ համագործակցութեան համար:

Ան ըսաւ, թէ այս փուլը լի էր Լիբանանի եւ Պրազիլի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու գործերով` տարբեր մարզերու մէջ:

Հանդիպման սկիզբը Մարուն անդրադարձաւ իր լիբանանեան արմատներուն` տրուած ըլլալով, որ իր մեծ հայրը Ղազիր գիւղէն եղած է: Ան ուրախութիւն յայտնեց հանդիպելու հանրապետութեան նախագահին հետ: Ան նաեւ նշեց, որ Լիբանանի եւ Պրազիլի միջեւ յարաբերութիւնները սկսած են 19-րդ դարէն:

Մարուն յայտնեց, որ պատուիրակութեան մէջ կայ լիբանանեան արմատներով երեսփոխան մը, որ շատ մօտ է Պրազիլի նորընտիր նախագահին: Ան յոյս յայտնեց, որ նախագահ Աուն անձնապէս պատուիրակութեամբ մը ներկայ գտնուի  նորընտիր նախագահի երդման արարողութեան:

Ան Պրազիլի աջակցութիւնը յայտնեց Հարաւային Ամերիկայի եւ Լիբանանի միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնութեան, որ պիտի ստորագրուի մարտ 2019-ին: Ան նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի եւ Պրազիլի միջեւ պաշտպանական համաձայնագիրին, որ պիտի ստորագրուի Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարին հետ:

Նախագահ Աուն, իր կարգին, ողջունեց պատուիրակութիւնը, յատկապէս որ անիկա կը ներկայացնէ նախագահը, որ Լիբանանեան արմատներ ունի եւ որուն հանդիպած է անոր վերջին այցելութեան ընթացքին: Ան ընդգծեց լիբանանեան արմատներ ունեցող պրազիլցիներուն հաւատարմութիւնը այն երկրին, որ զիրենք հիւրընկալած է, եւ անդրադարձաւ անոնց յաջողութեան եւ բարձր պաշտօններ ստանձնելուն: Ան յայտնեց, որ պիտի նշանակէ նախարարներէն մէկը, որպէսզի զինք ներկայացնէ Հարաւային Ամերիկայի երկիրներու հետ համաձայնագիրի ստորագրութեան հաւաքին:

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Ընկերակցութեամբ Արաբ Կին Լրագրողներու Պատուիրակութեան Կ՛այցելէ Նախագահ Աունի

Յաջորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Ամերիկացի Պաշտօնատարներուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Չխուսափելու «Հայոց Ցեղասպանութիւն» Բառը Օգտագործելէ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.