Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Կիտանեան Ընկերակցութեամբ Արաբ Կին Լրագրողներու Պատուիրակութեան Կ՛այցելէ Նախագահ Աունի

Դեկտեմբեր 15, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ ընկերակցութեամբ արաբ կին լրագրողներու մէկ պատուիրակութեան այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Նշենք, որ լրագրողներու պատուիրակութեան մաս կազմեցին այն կին լրագրողները, որոնք բացումը կատարեցին «Լիբանանի մէջ արաբ կին լրագրողներու կեդրոն»-ին: Պատուիրակութեան, որուն նախագահեց Զենա Ֆայեատ, մաս կազմեցին Յորդանանէն, Սէուտական Արաբիայէն, Եգիպտոսէն, Իրաքէն եւ Մարոքէն լրագրողներ:

Հանդիպումին ընթացքին նախարար Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` զիրենք ընդունելուն համար:

Ա. Կիտանեան ընդգծեց Լիբանանն ու անոր դերակատարութիւնը յիշեցնելու կարեւորութիւնը, յատկապէս այն երկիրներուն մէջ, որոնց ղեկավարներն ու իշխանաւորները խոստացած էին մեծաթիւ բնակիչներով այցելել Լիբանան:

Նախարար Կիտանեան անհրաժեշտ նկատեց նաեւ զբօսաշրջութեան եւ տեղեկատուութեան նախարարութիւններուն համագործակցութիւնը` «Լիբանանի մէջ արաբ կին լրագրողներու կեդրոն»-ի ծրագիրը յայտարարելու իմաստով: Ան ընդգծեց, որ այս նպատակով Լիբանան հրաւիրուող իւրաքանչիւր արաբ ականաւոր կին լրագրող նկատի պիտի առնուի իբրեւ Լիբանանի մէջ իր երկրին դեսպանը` զօրակցելու համար Լիբանանի քարոզչութիւնը կատարելու այս արշաւին:

Իր կարգին, նախագահ Աուն ողջունեց ներկաները եւ յայտնեց, որ ինք քաջածանօթ է Լիբանանի եւ արաբական երկիրներուն մէջ կիներուն ապրած տառապանքներուն` հաստատելով, որ Լիբանան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ իգական եւ արական սեռերուն միջեւ խտրականութիւնը ջնջելու, ինչպէս նաեւ կինը ընտանեկան բռնութենէ պաշտպանելու եւ անոր իրաւունքները յարգելու իմաստով:

«Լիբանան իր արաբ եղբայրներէն ոչ մէկը մոռցած է, իսկ անոր արաբ եղբայրները չեն մոռցած զինք, սակայն առկայ պատերազմներն ու տագնապները, ինչպէս նաեւ քաղաքական տարակարծութիւնները պատճառ դարձած են, որ երկկողմանի հանդիպումներ տեղի չունենան», հաստատեց ան:

Նախագահ Աուն մաղթեց, որ տագնապները լուծուին եւ տարակարծութիւնները փարատին, որպէսզի արաբական երկիրները դարձեալ իրարու զօրակցին եւ եղբայրական յարաբերութիւնները ամրագրեն:

Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանատան Մէջ

Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան կազմակերպութեամբ, դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ արաբ կին լրագրողներու պարգեւատրումը` ներկայութեամբ նախարար Կիտանեանի եւ կարգ մը դիւանագէտներու, որոնց շարքին էր Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպանատան ներկայացուցիչ Ֆաուազ Քահթանի:

Պարգեւատրումը կատարուեցաւ Ռիատը 2019-ի լրագրութեան մայրաքաղաք հռչակուելուն առիթով:

Քուէյթեան ՔՈՒՆԱ լրատու գործակալութեան իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ նախարար Կիտանեան ընդգծեց արաբ կին լրագրողներուն դերակատարութեան կարեւորութիւնը` իրենց ներկայացուցած լրատուամիջոցներուն ընդմէջէն Լիբանանի լաւ պատկերը բացայայտելու առումով:

 

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Երուսաղէմի Եւ Պաղեստինի Աջակցութեան Համաշխարհային Խորհուրդը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Պշարա Ռայի Պատրիարքը Եւ Պրազիլի Նախագահին Անձնական Ներկայացուցիչը

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?