Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Կը Յուսամ, Որ Հանրապետութեան Նախագահին Խորհրդակցութիւնները Կ՛աւարտին Կառավարութեան Կազմութեամբ»

December 13, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երեսփոխաններուն հետ Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին ընթացքին յոյս յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին խորհրդակցութիւնները եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները մօտիկ ապագային կ՛աւարտին կառավարութեան կազմութեամբ: Ան վերահաստատեց, որ «Լիբանան կարիքը ունի ներդաշնակ կառավարութեան մը, որ պիտի կատարէ իր պարտականութիւնները բազմաթիւ դժուարութիւններու դիմաց, որոնք կը դիմագրաւենք տարբեր մակարդակներու վրայ»:

Պըրրի նշեց, որ կան բազմաթիւ առաջարկներ եւ գաղափարներ` լուծելու համար տագնապը եւ կազմելու կառավարութիւնը:

Անդրադառնալով գետնափոր փապուղիներու գոյութեան մասին Իսրայէլի զրպարտութիւններուն` Պըրրի ըսաւ, թէ տակաւին նորութիւններ չունին այդ գծով:

Պըրրի երէկ ընդունեց մեծ թիւով երեսփոխաններ:

Պըրրի նաեւ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր կացութիւնը եւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր: Միքաթի նշեց, որ Պըրրիի մօտ նկատած է զգուշաւոր լաւատեսութիւն` կառավարութեան կազմութեան համար ընթացող խորհրդակցութիւններուն վերաբերեալ, նկատել տալով, որ այս զգուշաւորութիւնը բնական է, եւ Պըրրի իրեն փոխանցած է կարգ մը մտավախութիւններ: Միքաթի ընգծեց, որ «բոլորս կը հաւատանք, որ պէտք է ձերբազատիլ յամառութենէն, որպէսզի կառավարութիւնը շուտով կազմուի, քանի որ կարիքը ունինք նոր կառավարութեան` տրուած ըլլալով ներկայ կացութիւնը ճգնաժամային ըլլալը, յատկապէս տնտեսական եւ ընկերային մակարդակներու վրայ»:

Պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ հաւանականութիւն կա՞յ հրաժարելու վարչապետ Հարիրիի հետ համաձայնութենէն` ի նպաստ ընդդիմութեան խումբի սիւննի ներկայացուցչութեան, Միքաթի յայտնեց, որ ատիկա կախեալ է վարչապետէն եւ ատիկա իր իրաւասութիւններուն մաս կը կազմէ: «Ես վարչապետին նախարարի անուն չառաջարկեցի, ո՛չ ալ անոր տրուելիք նախարարութեան մասին խօսեցայ: Հարիրի իրաւասութիւնը ունի ընտրելու այն խումբը, որ կ՛ուզէ: Ես անշուշտ կ՛ուզեմ օգտակար դառնալ կառավարութեան կազմութեան, բայց նախարարներու ընտրութիւնը կախեալ է Հարիրիէն»: Ան աւելցուց, որ իրենք պիտի չզիջին կառավարութեան մէջ ներկայացուցչութիւն ունենալու իրենց իրաւունքէն:

 

Նախորդը

Յունաստանի Մէջ. Նախարար Կիտանեան Մասնակցեցաւ Զբօսաշրջական Ցուցահանդէսի

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ընդունեց «Սիւննի Խորհրդակցական Հանդիպում» Պլոքը Եւ Թայմուր Ժոմպլաթը

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.