Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ընդունեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Անձնական Ներկայացուցիչը

Դեկտեմբեր 14, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Փերնիլ Քարտելը եւ անոր յայտնեց, որ Լիբանան կը սպասէ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու զեկուցումներուն` գետնափոր փապուղիներուն մասին, ստուգելու համար, որ եթէ անոնք անցած են «Կապոյտ գիծը»: Աուն շեշտեց, որ Լիբանան զգուշութեամբ կը հետեւի այս հարցին, որպէսզի Իսրայէլ չօգտագործէ այս կացութիւնը հարուածելու համար հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը:

Նախագահ Աուն վերահաստատեց Լիբանանի յանձնառութիւնը` գործադրելու թիւ 1701 բանաձեւը բառացիօրէն, մինչ Իսրայէլ կը շարունակէ Լիբանանի ինքնիշխանութեան խախտումը ցամաքի, ծովու եւ օդային տարածքներու բռնաբարման միջոցով` տարեկան կատարելով 150 խախտում: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան պիտի գործակցի միջազգային ընտանիքին հետ այն կէտերուն շուրջ, որոնք Ապահովութեան խորհուրդը նշած էր իր վերջին ժողովին ընթացքին, որուն մէջ անդրադարձած էր Լիբանանի կացութեան:

Քարտել նախագահ Աունին ներկայացուց հարաւային Լիբանանի զարգացումները, միջազգային ուժերու աշխատանքները, եւ քննարկումը, որ տեղի ունեցաւ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ 21 նոյեմբերին, 1701 բանաձեւի գործադրութեան առնչուող զեկուցումին վերաբերեալ: Ան վերահաստատեց, որ ՄԱԿ պիտի շարունակէ աջակցիլ Լիբանանին բոլոր մարզերուն մէջ:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտը, որուն հետ քննարկեց դատական հարցեր, ինչպէս նաեւ դատարաններու աշխատանքը:

Հանրապետութեան նախագահը ցաւակցութիւն յայտնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնին` Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան պատճառով ինկած զոհերուն համար:

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Սամի Ժեմայէլը

Յաջորդը

Հարիրի. «Մենք Կառավարութիւնը Կազմելու Վերջին Հարիւր Մեթրին Մէջ Կը Գտնուինք»

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?