Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Համար Բոլոր Առաջարկները Լաւ Են, Երկիրը Կարիքը Ունի Կառավարութեան Եւ Վերջակէտ»

December 13, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանեան-բրիտանական ներդրումային համագումարի ծիրին մէջ ըսաւ, թէ համագումարը յաջող էր եւ դրական, եւ անոր մասնակցած են տնտեսական մեծ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ուզած են գիտնալ, թէ Լիբանանի մէջ ի՞նչ կը կատարուի: «Եւ զգացինք, որ ներդրողները կ՛ուզեն գալ Լիբանան, որովհետեւ գիտեն, որ կան իսկական առիթներ` տրամադրուած «Սետր»-ի կողմէ: Ինչ կը վերաբերի ինծի, ես բոլորին հետ հանդիպումներուս ընթացքին ընդգծեցի, որ անհրաժեշտ է պահանջուած բարեփոխումները կատարել Լիբանանի մէջ, ինչ որ առիթ պիտի տայ քաջալերելու եւ բերելու ներդրումներ շատ մօտիկ ապագային», նշեց վարչապետ Հարիրի:

Հարիրի ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը պէտք է նախապէս տեղի ունենար: «Ես պատրաստ եմ, անուններն ալ պատրաստ են, ինչպէս նաեւ նախարարական չափաբաժինները: Եւ հիմա ամէն մարդ գիտէ, թէ ուրկէ՛ կու գայ ուշացումը: Հանրապետութեան նախագահը կը կատարէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, եւ բոլոր լիբանանցիները կը գնահատեն ինչ որ կ՛ընէ, եւ մենք կ՛ընենք մեր պարտականութիւնը, եւ յոյսով ենք, որ խորհրդակցութիւնները կը զարգանան եւ դրական արդիւնքներու կը յանգեցնեն: Այսօր դրական հոսանք ստացայ, եւ պիտի մնանք դրական ինչ կը վերաբերի երկրի շահին»: Ան դիտել տուաւ, որ բոլոր առաջարկները լաւ են, եւ երկիրը կարիքը ունի կառավարութեան ու վերջակէտ:

Հարիրի նաեւ համագումարի աշխատանքներուն ծիրին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը բրիտանացի ներդրողներու եւ դրամատնային պաշտօնեաներու հետ` ներկայութեամբ նախարարներ Ժըպրան Պասիլի եւ Ղաթթաս Խուրիի, Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի, դեսպան Ռամի Մուրթատայի եւ Հարիրիի խորհրդատու Ֆետի Ֆաուազի: Այնուհետեւ ան հանդիպում ունեցաւ Միջին Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Դրամական միջազգային ֆոնտի խորհրդատու Քրիս Ճարվիսի, Լոնտոնի սակարանի գործադիր տնօրէն Նիքիլ Ռաթիի եւ վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան փոխտնօրէն Ալեն Պիոյի հետ:

Կէսօրին, վարչապետ Հարիրի եւ լիբանանեան պատուիրակութեան անդամները ճաշի հիւրը եղան նախարար Էլիսթըր Պըրտի:

 

Նախորդը

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Գետնափոր Փապուղիներ Փնտռելու Աշխատանքները

Յաջորդը

Յունաստանի Մէջ. Նախարար Կիտանեան Մասնակցեցաւ Զբօսաշրջական Ցուցահանդէսի

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.