Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Աւստրիոյ  Զօրակցութիւնը Լիբանանին

Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Աւստրիոյ Զօրակցութիւնը Լիբանանին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Աւստրիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վան Տեր Պելենը, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը եկած էր Լիբանան: Հանդիպումը առիթ մըն էր քննարկելու լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Աւստրիոյ նկատմամբ Լիբանանի երախտագիտութիւնը յայտնելու` եւրոպական եւ միջազգային մակարդակի վրայ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերած անոր զօրակցութեան համար: Հանդիպումէն ետք նախագահներ Աուն եւ Վան Տեր Պելեն միացեալ մամլոյ ասուլիսի...

Նախագահ Աուն Հըզպալլայի  Պատուիրակութեան Հետ  Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան  Տագնապը Լուծելու Հեռանկարները

Նախագահ Աուն Հըզպալլայի Պատուիրակութեան Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Տագնապը Լուծելու Հեռանկարները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու խորհրդատու Հիւսէյն Խալիլ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան տագնապը լուծելու հեռանկարները` նախագահ Աունի ներկայացուցած լուծման տարբերակներուն լոյսին տակ: Հանդիպումէն ետք Ռաատ յայտնեց, որ քննարկուած են շարք մը...

Նախագահ Աուն Զօր. Տել Քոլին Յայտնեց  Հարաւային Լիբանանի Խաղաղութիւնը Պահպանելու Առումով Պետութեան Յանձնառութիւնը

Նախագահ Աուն Զօր. Տել Քոլին Յայտնեց Հարաւային Լիբանանի Խաղաղութիւնը Պահպանելու Առումով Պետութեան Յանձնառութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն յայտնեց, թէ Լիբանան կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան` մեկնելով հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու եւ սահմանային անդորրութեան խախտումը կանխարգիլելու իր յանձնառութենէն: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան խաղաղասէր երկիր է, որ...

Թերզեան. «Լիբանանահայութիւնը Միշտ Ալ Զօրակցած Է Երկրին Ապահովական Կայունութեան, Քաղաքացիական Անվտանգութեան Եւ Լիբանանեան Համերաշխութեան Ամրապնդումին»

Թերզեան. «Պիսց» Ընկերութեան Պահ Դրուած Գումարները Սառեցուած Են»

  Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան երէկ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ ինք Պէյրութի քաղաքապետութիւնը զգուշացուցած էր չգործակցելու այնպիսի ընկերութիւններու հետ, որոնք վարկ եւ վստահութիւն չեն վայելեր: Յ. Թերզեան նշեց, որ Պէյրութի դատաւորը երէկ արձակեց հրահանգ մը, որուն համաձայն «Պիսց» ընկերութեան պահ դրուած գումարները սառեցուեցան` աւելցնելով, որ կան նաեւ այլ ընկերութիւններ, որոնց դէմ օրինական նոյն ընթացքը պիտի շարունակուի,...

Սարրաֆ Աւստրիացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ  Քննարկեց Զինուորական Գործակցութիւնը  Ամրապնդելու Հեռանկարները

Սարրաֆ Աւստրիացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Զինուորական Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց աւստրիացի իր պաշտօնակիցը` Մարիօ Քոնասքը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս զինուորական գործակցութեան առումով: Սարրաֆ եւ Քոնասք քննարկեցին նաեւ Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը: Սարրաֆ բարձր գնահատեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ջանքերը:

Լիբանանի Խմբագիրներու Սենտիքան  Ընտրեց Իր Վարչութիւնը

Լիբանանի Խմբագիրներու Սենտիքան Ընտրեց Իր Վարչութիւնը

Լիբանանի խմբագիրներու նորընտիր սենտիքան երէկ գումարեց իր առաջին նիստը, որուն ընթացքին ընտրուեցաւ սենտիքայի վարչութիւնը: Նիստէն բացակայեցաւ սենտիքայի անդամ Անտրէ Քասսաս: Նիստին ընթացքին սենտիքայի նախկին նախագահ Էլիաս Աուն շնորհաւորեց խմբագիրները անոնց կատարած ժողովրդավարական ընտրութիւններուն առիթով եւ հաստատեց, որ ինք սենտիքային կողքին պիտի գործէ` ի խնդիր լրագրողներու եւ լրագրութեան շահերուն: Ապա ան հրաւիրեց սենտիքայի նորընտիր  անդամ Ժոզեֆ Քըսսայֆին եւ անոր յանձնեց սենտիքայի...

Բանակի Հրամանատարը Ընդունեց  Միացեալ Նահանգներու  Եւ Մեծն Բրիտանիոյ Դեսպանները

Բանակի Հրամանատարը Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Եւ Մեծն Բրիտանիոյ Դեսպանները

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպաններ Էլիզապեթ Ռիչըրտն ու Քրիս Ռամպլինկը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան-սուրիական սահմանամերձ շրջանի ապահովութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին Ռիչըրտ եւ Ռամպլինկ շնորհաւորեցին լիբանանեան բանակը` Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեցին անոր ջանքերը` մինչեւ 2019 լիբանանեան-սուրիական սահմաններուն պաշտպանութիւնը առանձինն ապահովելու իմաստով: Հանդիպումին ընթացքին Ռամպլինկ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ շեշտեց, որ նախարարութիւնը կը մշակէ ամբողջական ռազմավարութիւն մը` աղբի հարցի տնօրինման ձեւերուն վերաբերեալ: Նշենք, որ Խաթիպ հաստատեց, որ Պըրտաունիի գետը սեւ գոյնով ապականող պատասխանատուներուն դէմ դատական հարց պիտի յարուցէ: ՊՔԵՐՔԷԻ տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ուալիտ Ղայեատ շեշտեց, որ մարոնի համայնքի նախկին պատրիարք Նասրալլա Սֆէյր առողջ վիճակի մէջ կը գտնուի: ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ հաստատեց, որ...

Նախագահ Աուն Պըրրիի  Եւ Հարիրիի Հետ  Քննարկեց  Կառավարութեան Կազմութեան  Տագնապի Լուծման Կարելիութիւնները

Նախագահ Աուն Պըրրիի Եւ Հարիրիի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Տագնապի Լուծման Կարելիութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտա հրաւիրեց խորհրդարանի նախագահն ու վարչապետը` անոնց հետ քննարկելու համար կառավարութեան կազմութեան տագնապը լուծելու կարելիութիւնները: Նախագահ Աուն կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որ ընդառաջած էր նախագահի հրաւէրին: Հանդիպումէն ետք Պըրրի մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու, սակայն աւելի ուշ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ հանդիպումին ընթացքին ան շեշտած է, թէ իրենք...

Պըրրի. «Այսպէս Կոչուած Գետնափոր  Փապուղիներուն Մասին Տեղեկութիւններ  Պահանջեցինք, Սակայն Ոչինչ Ստացանք»

Պըրրի. «Այսպէս Կոչուած Գետնափոր Փապուղիներուն Մասին Տեղեկութիւններ Պահանջեցինք, Սակայն Ոչինչ Ստացանք»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ Ռիչըրտի հետ քննարկած է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու անոր հետեւանքները լիբանանցիներուն վրայ: Պըրրի ընդգծեց նաեւ, որ ամերիկացի դեսպանին հետ քննարկած է Լիբանանէն բռնագրաւուած Պաղեստին երկարող այսպէս կոչուած...

Մաշնուք Յայտարարեց Ապահովական  Գործողութեան Մը Ձախողութիւնը

Մաշնուք Յայտարարեց Ապահովական Գործողութեան Մը Ձախողութիւնը

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման, ինչպէս նաեւ այլ պատասխանատու զինուորականներ: Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Մաշնուք յայտարարեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ձախողեցուցած է Լիբանանի մէջ կատարուելիք ապահովական գործողութիւն մը: Ան նշեց, որ ապահովութեան ուժերուն այս աշխատանքը ապահովական բարձր մակարդակի եւ առաւելագոյն չափով բծախնդիր...

Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց Ժեմայէլը

Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց Ժեմայէլը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող շարք մը հարցեր: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիի հետ քննարկած է կառավարութեան կազմութեան հարցը եւ առաջարկած, որ վարչապետն ու հանրապետութեան նախագահը ընտրեն տարբեր մարզերու մէջ ատակ անձնաւորութիւններ եւ մասնագէտներ ու կազմեն փրկութեան կառավարութիւն մը: Ժեմայէլ ըսաւ, որ...

Մարոքի Մէջ.  «Սուրիացի Տեղահանուածներու Հարցին  Միակ Լուծումը Անոնց Ապահով Տունդարձն Է»    Շեշտեց Պասիլ

Մարոքի Մէջ. «Սուրիացի Տեղահանուածներու Հարցին Միակ Լուծումը Անոնց Ապահով Տունդարձն Է» Շեշտեց Պասիլ

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ մասնակցեցաւ Մարոքի մէջ տեղի ունեցած «Ապահով, կազմակերպուած եւ օրինական արտագաղթի համաշխարհային յայտարարութիւն» անունը կրող խորհրդաժողովին: Իր խօսքին մէջ Պասիլ շեշտեց, որ մարդկային պատմութեան մէջ Լիբանան արձանագրած է տեղահանուածներու ամէնէն բարձր համեմատութիւնը` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր քառակուսի քիլոմեթրի մէջ 200 տեղահանուած կ՛ապրի: Ան նշեց նաեւ, որ Լիբանանն ու անոր տնտեսութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանցին կը տառապին տեղահանուածներու...

Բանակի Հրամանատարը Ապահովական Կառոյցներու  Պետերուն Հետ Քննարկեց Տօնական Օրերուն  Որդեգրուելիք Ապահովական Միջոցառումները

Բանակի Հրամանատարը Ապահովական Կառոյցներու Պետերուն Հետ Քննարկեց Տօնական Օրերուն Որդեգրուելիք Ապահովական Միջոցառումները

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ապահովական կառոյցներու պետերը, որոնց հետ քննարկեց ահաբեկչական որեւէ արարք հետապնդելու եւ կանխարգիլելու իմաստով ձեռնարկուելիք գործողութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին անվտանգութիւնը խախտող եւ արդարութեան կողմէ պահանջուած յանցագործները հետապնդելու կարեւորութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ տօնական օրերուն բանակին ու ապահովական բոլոր կառոյցներուն կողմէ որդեգրուելիք ապահովական միջոցառումները, եւ համաձայնութիւն գոյացաւ ամրապնդել գործակցութիւնը` ամրագրելու համար երկրին...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերը երէկ Քֆարքիլայի մօտակայքը իրենց բացայայտած գետնափոր փապուղիին կապուած աշխատանքները շարունակեցին, ինչպէս նաեւ Ֆաթիմայի սահմանամերձ շրջանը օժտեցին տեսախցիկներով` խստացնելով շրջուն ջոկատներուն կատարած հսկողութիւնը: ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը երկրին այս իշխանութիւններուն օրով սովորական կարգախօս պիտի չդառնայ: ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի ընդունեց Լիբանանի մէջ Սրի Լանքայի դեսպան Վիճիրաթինի Մանտիսը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ իրաւունքներու...

Գետնափոր Փապուղիներու Հարցերով Իսրայէլ Կը Շարունակէ Սպառնալ Լիբանանին, Իսկ Շէյխ Նայիմ Քասեմ Կը Հաստատէ, Որ Իսրայէլեան Բոլոր Շրջանները Հըզպալլայի Հրթիռներուն Համար Թիրախներ Են

Գետնափոր Փապուղիներու Հարցերով Իսրայէլ Կը Շարունակէ Սպառնալ Լիբանանին, Իսկ Շէյխ Նայիմ Քասեմ Կը Հաստատէ, Որ Իսրայէլեան Բոլոր Շրջանները Հըզպալլայի Հրթիռներուն Համար Թիրախներ Են

Իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աֆիխայ Ատրաայի շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պատասխանատու է արձանագրուած բոլոր զարգացումներուն` աւելցնելով, որ գետնափոր փապուղիներու գոյութիւնը Լիբանանի կառավարութեան կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի խախտում կը նկատուի: Ատրաայի նշեց, որ շաբաթ օր իսրայէլեան ուժերուն կողմէ սահմանամերձ շրջանին մօտեցող Հըզպալլայի երեք մարտիկներու վրայ կրակ բացուած է` շեշտելով, որ իսրայէլեան ուժերը կը շարունակեն իրենց աշխատանքը` գետնափոր փապուղիները քանդելու...

Մուխթարայի Մէջ.   Քամալ Ժոմպլաթի Ծննդեան 101-րդ Տարեդարձի Նշում

Մուխթարայի Մէջ. Քամալ Ժոմպլաթի Ծննդեան 101-րդ Տարեդարձի Նշում

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը շաբաթավերջին Մուխթարայի մէջ նշեց իր հիմնադիրին` Քամալ Ժոմպլաթի ծննդեան 101-րդ տարեդարձը, նախագահութեամբ կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ ներկայութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի: Մուխթարայի մէջ տեղի ունեցած այցելած բազմամարդ հաւաքին ընթացքին բարձրացան պաստառներ, որոնք կը կրէին վերջին իրադարձութիւններուն մասին Ուալիտ Ժոմպլաթի կատարած յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ գրութիւններ, որոնք կ՛ողջունէին Ժոմպլաթի յանդուգն կեցուածքները` ի խնդիր Լիբանանի եւ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին սահմանադրական իրաւունքն է խորհրդարանին նամակներ յղել: Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` Պըրրի հաստատեց, որ այդ տագնապի լուծման դռները փակ են, եւ ոչ ոք կը փափաքի զիջումներ կատարել: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան քարոզին ընթացքին կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն խնայելու երկրին եւ գթալու լիբանանցիներուն` ազատ արձակելով կառավարութիւնը: ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ...

Կառավարութեան Կազմութեան Մասին Նախագահ Աունի Վերագրուած Մեկնաբանութիւնները Անճիշդ Են

Կառավարութեան Կազմութեան Մասին Նախագահ Աունի Վերագրուած Մեկնաբանութիւնները Անճիշդ Են

Հանրապետութեան նախագահութեան տեղեկատու գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ ընկերային ցանցերուն կողմէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին վերագրուած խօսքի մը տարածումին: Խօսքը կը վերաբերէր կառավարութեան կազմութեան: Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ նախագահ Աունին վերագրուած եւ շրջանառութեան մէջ դրուած մեկնաբանութիւնները անճիշդ են: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նախագահ Աուն շեշտած է, թէ վարչապետի նշանակումին իրաւունքը սահմանադրութեան կողմէ շնորհուած է երեսփոխաններուն,...

«Վարչապետը Սահմանադրական Իր Իրաւասութիւններուն Համաձայն Կը Ստանձնէ Կառավարութեան Կազմութեան Իր Պատասխանատուութիւնը»   Շեշտեցին Հարիրիի Աղբիւրները

«Վարչապետը Սահմանադրական Իր Իրաւասութիւններուն Համաձայն Կը Ստանձնէ Կառավարութեան Կազմութեան Իր Պատասխանատուութիւնը» Շեշտեցին Հարիրիի Աղբիւրները

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ երէկ շեշտեցին, որ վարչապետը,  սահմանադրական իր իրաւասութիւններուն եւ երեսփոխաններու պարտադիր խորհրդակցութիւններուն արդիւնքներուն համաձայն, կը ստանձնէ կառավարութեան կազմութեան իր պատասխանատուութիւնը: Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ վարչապետ Հարիրի ամէն ջանք ի գործ դրած է կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն երկիրը բաղկացնող հիմնական շերտերը: «Այդ կազմը ստացած է նոյնիսկ հանրապետութեան նախագահին հաւանութիւնը, սակայն աւելի ուշ...

Page 596 of 988 1 … 595 596 597 … 988

Արխիւներ