Իսրայէլեան ուժերը յաջորդաբար 9-րդ օրն ըլլալով երէկ շարունակեցին գետնափոր փապուղիներ փնտռելու աշխատանքները, Քֆարքիլայի շրջանի Ֆաթիմայի դարպասին դիմ աց եւ սահմանամերձ շրջանի զինուորական ճամբուն մօտ:
Իսրայէլեան 4 քարշակներ կտրած են թեքնիք պարիսպը Մէյս Էլ Ժապալ գիւղաքաղաքին մօտ եւ սկսած են փորելու ու վերցնելու հողերը Կապոյտ գիծին երկայնքով` առանց խախտելու:
Ուազզանիի շրջանին մէջ, երկու քարշակներ կատարած են փորելու եւ հողերը հանելու աշխատանքներ` թեքնիք պարիսպին ետին:
Այս բոլորը կը կատարուէին իսրայէլացի զինուորներու խիստ հսկողութեան ներքեւ:
Ինչ կը վերաբերի լիբանանեան կողմին, լիբանանեան բանակը եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը կը հետեւին Իսրայէլի աշխատանքներուն` բոլոր կէտերուն վրայ, իսկ լիբանանեան բանակը կը լարէ զինուորական վրաններ ու կը տեղակայէ հսկողութեան սարքեր Մէյս եւ Ժապալի մէջ:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մեկնաբանելով լիբանանեան իսրայէլեան սահմանին վրայ երրորդ փապուղիի յայտնաբերման լուրը, նշեց, որ «Հըզպալլա կը կարծէր, թէ կը փորէր առանց նեղութեան: Գիտէինք եւ ծրագրեցինք, եւ լուրը չտարածուեցաւ: Պիտի շարունակուի «Հիւսիսի վահան» զինուորական գործողութիւնը, ինչպէս որ պէտք է. ատիկա շատ լաւ կ՛ընթանայ, նոյնիսկ ճշդուած ժամկէտէն քիչ մը աւելի առաջ»:
Երեքշաբթի օր Իսրայէլ յայտարարած էր, թէ իսրայէլեան բանակի զինուորները գտած են երրորդ փապուղի մը, որ կը կտրէ սահմանը Լիբանանէն դէպի իսրայէլեան տարածք: Նշուած էր, որ այս փապուղին չէր վտանգեր քաղաքացիներուն կեանքը, եւ զինուորները ատիկա պայթեցուցած էին:
Ըստ «Հաարեց» թերթին, Իսրայէլացի պաշտօնատար մը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ մերժած են իսրայէլեան պահանջը` պատիժներ սահմանելու Լիբանանի եւ լիբանանեան բանակին դէմ, որպէսզի կրեն պատասխանատուութիւնը Հըզպալլայի գետնափոր փապուղիներուն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը խախտելու համար:
Ան նշած է, որ վարչապետ Նեթանիահու ատիկա խնդրած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյէն, երբ անոր հետ հանդիպած է Պրիւքսելի մէջ: Միացեալ Նահանգներ համաձայնած են մշակել Հըզպալլայի դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու բանաձեւ մը, ինչ որ դժուարութիւններու պիտի մատնէ կազմակերպութիւնը, որ արդէն իսկ տնտեսական դժուարութեան մէջ կը գտնուի, բայց նշած են, որ Լիբանանի հետ իրենց յարաբերութիւնները ամուր են, նոյնիսկ զինուորական գետնի վրայ, եւ մտադրութիւն չունին անոնց վնաս հասցնելու:
Թերթը կը նշէ, որ «Հիւսիսի վահան» գործողութեան սկիզբէն ի վեր, Իսրայէլ կը փորձէ տնտեսական եւ զինուորական գետնի վրայ ստեղծել հաւասարութիւն մը, որ Լիբանանը եւ Հըզպալլան կը դնէ մէկ կողմի մէջ: