Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլանի հետ երէկուան հանդիպումը նկարագրեց իբրեւ տիւրզիական զարթօնքի ծրագիր:
Ուահապ թուիթըրեան իր էջին վրայ տեղադրած է հանդիպումին նկարը եւ կատարած է հետեւեալ գրառումը. «Թալալ Արսլանի հետ. հաւատարմութեան եւ քաջ կեցուածքի մարդը դժուար պահերուն, ան ապացուցեց իր հոգատարութիւնը տիւրզիներուն հանդէպ 8 մայիս 2008-ին եւ այդ կեցուածքը կրկնեց 1 դեկտեմբեր 2018-ին: Հանդիպում` Խալտէի մէջ, տիւրզիական զարթօնքի ծրագիր»:



