Լիբանանեան-սուրիական Մաթարպա սահմանամերձ շրջանին մէջ երէկ ուշ գիշերին լիբանանեան բանակի անցարգելին դէմ կատարուեցաւ ռմբակոծումի փորձ մը:
Անցարգելին դէմ արձակուեցաւ «Էր. Փէ. Ժէ.» տիպի նռնականետ մը, որ սակայն չկրցաւ թիրախ դարձնել զայն:
Նշենք, որ այդ դէպքէն ժամեր առաջ Պաալպեքի Շարաուինա շրջանին մէջ զինեալներ յարձակում գործեցին բանակի շրջուն ջոկատին դէմ` թեթեւօրէն վիրաւորելով չորս բանակայիններ:
Պէտք է աւելցնել, որ նախքան այս յարձակումը, բանակը Շարաուինայի մէջ ներխուժած էր Ժաաֆար ընտանիքին բնակարանը, ուր նաեւ կրակոց արձանագրուած էր` բանակայիններուն եւ զինեալներուն միջեւ:



