Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարրաֆ Համագործակցութեան Համաձայնագիր Ստորագրեց Պրազիլի Նախագահին Անձնական Ներկայացուցիչին Հետ

December 15, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ ընդունեց Պրազիլի նախագահի անձնական ներկայացուցիչ  Քարլոս Էտուարտօ Խավիեր Մարունի գլխաւորած պատուիրակութիւնը եւ Լիբանանի մէջ Պրազիլի դեսպան Փաուլօ Քորտերօ Տէ Անտրատէ Փինթոն:

Ընդունելութենէն ետք, Մարուն ծաղկեպսակ զետեղեց պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ տեղակայուած լիբանանեան բանակի զոհերու յուշակոթողին:

Ապա, երկու կողմերը ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին Սարրաֆ դրուատեց լիբանանցիները պրազիլցիներուն կապող պատմական բացառիկ յարաբերութիւնները` կարեւոր նկատելով համաձայնագիրի ստորագրութիւնը:

Երկու կողմերը ստորագրեցին զինուորական համագործակցութեան համաձայնագիր մը, որ կը նպատակադրէ երկկողմանի յարաբերութիւնը զարգացնել եւ ամրապնդել երկու երկիրներուն միջեւ` զինուորական համագործակցութեան միջոցով, յատկապէս ինչ կը վերաբերի զինուորական կրթութեան եւ վարժութեան, տեղեկութիւններու փոխանակման եւ թեքնիք համագործակցութեան:

Պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, որ կը վերաբերէր Պաալպեքի մէջ տեղի ունեցած միջադէպին, Սարրաֆ նշեց, որ լիբանանեան բանակը կը ստանայ ամբողջական քաղաքական աջակցութիւնը կատարելու այն, ինչ որ անհրաժեշտ է` պահպանելու Լիբանանի ապահովութիւնը եւ կայունութիւնը: Ան միաժամանակ բարձր գնահատեց բանակի զոհողութիւնները, ողջունեց նահատակ զինուորին հոգին եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւոր զինուորներուն:

Միւս կողմէ, Մարուն շեշտեց կարեւորութիւնը ստորագրելու այս համաձայնագիրը` իբրեւ ամրապնդում Լիբանանի եւ Պրազիլի յարաբերութիւններուն, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սարրաֆին անոր թափած ջանքերուն համար, ինչ որ յանգեցուց համաձայնագիրին ստորագրութեան: Ան նաեւ ողջունեց լիբանանեան բանակը, որ յաղթանակ տարաւ ահաբեկչութեան դէմ` շեշտելով իր երկրին աջակցութիւնը լիբանանեան բանակին եւ ցաւակցութիւն յայտնելով նահատակ զինուորին համար:

Մարուն բարձր գնահատեց ընկերային եւ պատմական յարաբերութիւնները լիբանանցի եւ պրազիլցի ժողովուրդներուն միջեւ` յիշեցնելով իր լիբանանեան արմատները:

Հանդիպման աւարտին, Սարրաֆ առաջարկեց կազմել յանձնախումբ մը` բաղկացած երկու կողմերէն` արագացնելու համար համաձայնագիրի գործնականացման ընթացքը:

 

Նախորդը

Մաշնուք Ընդունեց Ռուսական Դաշնային Յանձնախումբի Նախագահի Առաջին Տեղակալը

Յաջորդը

Պըրրի Ընդունեց Երուսաղէմի Եւ Պաղեստինի Աջակցութեան Համաշխարհային Խորհուրդը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.