ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցերն ու կառավարութեան կազմութեան վերաբերող խորհրդակցութիւնները:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն զօրակցութիւն յայտնեց կառավարութեան կազմութեան նպատակով նախագահ Աունի նախաձեռնած խորհրդակցութիւններուն` մաղթելով, որ անոնք յաջողութեամբ պսակուին:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն վերահաստատեց իր կեցուածքը` կառավարութեան կազմին մէջ հայութեան արդար ներկայացուցչութեան իմաստով:



