Նախագահ Աուն Թարապէյի Հետ Քննարկեց Երկրին Ելեւմտական Եւ Դրամատնային Մարզին Դիմագրաւած Հարցերը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ երեկոյեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Դրամատուներու սեփականատէրերու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյը, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական եւ դրամատնային մարզին դիմագրաւած հարցերը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կողմէ 2019-ի պետական ամավարկի քննարկումին վերաբերող խնդիրներ: Հանդիպումէն ետք Թարապէյ յայտնեց, որ նախագահ Աունին այցելած է ներկայացնելու համար Միացեալ Նահանգներ իրենց կատարած աշխատանքային այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ քննարկելու համար որդեգրուած...



















