Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը շեշտեց, որ իրենք լրջօրէն կը հետեւին 2019-ի պետական ամավարկի գործադրութեան եւ կը դրուատեն անոր բովանդակած հիմնական եւ անհրաժեշտ գործառնութիւնները:
«Միաժամանակ սակայն, Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կը նշմարէ, թէ 2019-ի պետական ամավարկին մէջ կը բացակայի տնտեսական եւ ընկերային համապարփակ քաղաքականութիւն մը, ինչպէս նաեւ տնտեսական աճը երաշխաւորող ծրագիր մը, որուն հիման վրայ պետական գանձարկղի նիւթական բացը սեղմումի կ՛ենթարկուի եւ Լիբանանի նիւթական ընդհանուր պարտքը` ներքին եւ արտաքին առումով, սեղմումներու կ՛ենթարկուի, ինչպէս նաեւ ներդրումներու առիթներ կ՛ընծայուին` փտածութեան եւ մսխումի դէմ մղուած իսկական պայքարի շնորհիւ», նշուեցաւ խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց 2019-ի պետական ամավարկը ամէնէն արագ կերպով քննարկելու եւ վաւերացնելու` կանխարգիլելու համար երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական ընդհանուր փլուզումը:
Խորհուրդին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ լիբանանցիներուն սահմանադրական իրաւունքն է պատկանիլ լիբանանեան փրկարար պետութեան մը, որ կը պահպանէ անոնց արժանապատուութիւնը եւ կ՛ամրապնդէ անոնց ազատութիւնը, ինչպէս նաեւ կը հոգայ անոնց կենցաղային կարիքները:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ողջունեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի կարեւորութեան մասին կարգ մը արաբական երկիրներու եւ միջազգային կեցուածքի փոփոխութիւնը:
Խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ լիբանանցի պատասխանատուները յաւելեալ միասնականութեամբ եւ համագործակցութեամբ շարունակեն իրենց աշխատանքը` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու առումով:
Անդրադառնալով «Դարուն համաձայնութիւն»-ը կոչուած գործարքին վերաբերող տարաձայնութիւններուն` Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին յանձնառու մնալու պաղեստինցի գաղթականներուն մասին ՄԱԿ-ի տուած որոշումներուն եւ բանաձեւերուն:
Խորհուրդը ընդգծեց Լիբանանի իրաւունքը` երկրին ազատութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձին կառչած մնալու իմաստով: