Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Որոշեց Երեսփոխաններուն Եւ Նախարարներուն Անունով Ինքնաշարժներու Արձանագրութիւններն Ու Մաքսատուրքերը Գանձել

May 3, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ շարունակեց իր աշխատանքները, այլ խօսքով` 2019-ի պետական ամավարկի քննարկման ու վաւերացման բաց նիստերը:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ նախարարաց խորհուրդը որոշեց երեսփոխաններուն եւ նախարարներուն անունով ինքնաշարժներու արձանագրութիւնները եւ մաքսատուրքերը գանձել: Նախապէս անոնք նման տուրքեր չվճարելու արտօնութիւններ ունէին:

Ան նշեց, որ կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի շարունակէ քննարկել 2019-ի պետական ամավարկը:

Միւս կողմէ, կառավարութիւնը իր ընթացիկ նիստը գումարեց նաեւ նախանցեալ օր:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ տարբեր լրատուամիջոցներուն կողմէ կատարուած հաղորդումները, թէ աշխատավարձերը պիտի կրճատուին` անճիշդ են:

Ժարրահ հաստատեց, որ կառավարութիւնը տակաւին չէ հասած այդ կէտը քննարկելու` ընդգծելով, որ նման որոշում աննախատեսելի է:

Ժարրահ շեշտեց, որ կառավարութեան մէջ համախոհութիւն կայ` 2019-ի պետական ամավարկը ամէնէն արագ միջոցին վաւերացնելու, ինչպէս նաեւ պետական գանձարկղի նիւթական բացը սեղմելու:

Կառավարութեան նիստին ընթացքին ամավարկը լրջօրէն եւ խորապէս կը քննարկուի:

Իր կարգին, պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ նիստէն մեկնումի պահուն յայտնեց, որ կառավարութիւնը կատարեալ լրջութեամբ եւ արհեստավարժ կերպով կը քննէ պետական ամավարկը:

Նախքան նիստին գումարումը, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ նախարարները իրենց հերոսութիւններն ու լրատուամիջոցներուն փոխանցած իրենց թիւերն ու գումարները պէտք է կառավարութեան նիստին ընթացքին ներկայացնեն:

Ան նկատել տուաւ, որ 2019-ի պետական ամավարկի մասին կառավարութեան քննարկումները դրական են` վերահաստատելով, որ զինուորականներուն եւ բանակայիններուն աշխատավարձերը սեղմումի ենթարկելու ոչ մէկ որոշում կայ:

Նշենք, որ քաղաքական լաւատեղեակ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ պետական ամավարկի քննարկումները պիտի աւարտին մինչեւ կիրակի, 5 մայիս 2019: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի մաղթեց, որ կառավարութեան նիստերուն ընթացքին կատարուած քննարկումները մնան գաղտնի` առանց տեղեկութիւններ սպրդեցնելու տեղեկատուական մարզին:

 

Նախորդը

Պաապտայի Մէջ. «Լիբանանեան Թղթոսկին Պիտի Մնայ Կայուն» Շեշտեց Ռիատ Սալամէ

Յաջորդը

Ալիեւ. «Հակառակ Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապին` Մենք Կը Զարգանանք»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները
Լիբանանեան

Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները

October 8, 2026
Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն  Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է  Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»
Լիբանանեան

Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.