Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մատպուլի Կը Հաստատէ Եգիպտոսի Ամբողջական Զօրակցութիւնը Լիբանանին

May 4, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն արաբական ներկայ իրավիճակը նկատեց բարդ եւ դժուար կացութիւն մը` նկատի ունենալով մէկ երկրէն միւս երկիրը փոխանցուող իրարանցումները: Այս առումով ան կոչ ուղղեց արաբական աշխարհին կողմէ արագօրէն թափուելիք ճիգերու եւ ջանքերու` արաբական աշխարհի կացութեան յաւելեալ վատթարացումը կանխարգիլելու նպատակով:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք վերջերս իր մասնակցած բոլոր վեհաժողովներուն ընթացքին արաբական աշխարհին մաս կազմող երկիրներուն կոչ ուղղած է միասնական դառնալու եւ գործակցելու` կասեցնելու համար արաբական երկիրներուն մէջ տիրող իրավիճակին վատթարացումը:

Ան մաղթեց, որ այդ կոչերը մօտիկ ապագային իրենց արձագանգները գտնեն:

Նախագահ Աուն Մատպուլիին յայտնեց, թէ Լիբանան, որ իր հողերուն վրայ կը կրէ սուրիացի տեղահանուածներու գոյութեան հետեւանքները` կոչ կ՛ուղղէ դիւրացնելու սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը` նկատի ունենալով, որ սուրիական գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ ապահովական կայունութիւնը վերականգնած է:

Նախագահ Աուն նշեց, որ այս իրականութիւնը կարեւոր է յատկապէս այն տեղահանուածներուն համար, որոնք ապահովական պատճառներով լքած են իրենց հողերը, «բայց եւ այնպէս  քաղաքական շահագործումը պատճառ կը դառնայ տեղահանուածներու տունդարձը խանգարելու, ինչ որ հարցականներ կը ստեղծէ», հաստատեց նախագահ Աուն:

Ան ողջունեց Լիբանանի մէջ ներդրում կատարել միտող եգիպտական ընկերութիւններուն մասնակցութիւնը` ընդգծելով լիբանանցի եւ եգիպտացի ժողովուրդներուն միջեւ եղբայրութեան եւ բարեկամութեան յարաբերութիւնները:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Եգիպտոսի մէջ լիբանանեան ներդրումները հասած են չորս միլիառ տոլարի:

Նախագահ Աուն ողջոյններ փոխանցեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին եւ անոր ուղղեց իր բարեմաղթութիւնները իր վերստանձնած պատասխանատուութիւններուն համար` Եգիպտոսի նախագահական նոր նստաշրջանի մը համար վերընտրուելու առումով:

Իր կարգին, Մատպուլի Սիսիի ողջոյնները փոխանցեց նախագահ Աունին եւ մաղթեց, որ ան Լիբանանը առաջնորդէ դէպի ապահով ծովափ մը:

Ան հաստատեց, որ Եգիպտոս պէտք է Լիբանանի զօրակցի եւ անոր նեցուկ կանգնի բոլոր մարզերուն մէջ:

Մատպուլի շեշտեց, որ Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը շատ յաջող եղած է` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրները, յատկապէս հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու եւ ճարտարարուեստի առումով, պիտի օժանդակեն երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն ամրապնդումին:

Մատպուլի բարձր գնահատեց յանուն Լիբանանի նախագահ Աունի թափած ջանքերը եւ անոր պատմական կեցուածքները:

Ան հաստատեց Եգիպտոսի ամբողջական զօրակցութիւնը Լիբանանին:

Պըրրիի Մօտ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Մատպուլին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի գործակցութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարները:

Հանդիպումի ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի շարք մը ներդրումներու, յատկապէս իր երէց քրոջ` Եգիպտոսի ներդրումներուն:

Պըրրիի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Մուսթաֆա Մատպուլի շեշտեց, որ Եգիպտոս առաւելագոյն չափով պատրաստ է Լիբանանին օժանդակութիւն ներկայացնելու` ելեկտրականութեան թղթածրարը լուծելու առումով:

Ան հաստատեց, որ Եգիպտոս նախանձախնդիր կը մնայ իր քոյր երկիր Լիբանանին օժանդակելու եւ անոր նեցուկ կանգնելու:

Վարչապետարանին Մէջ

Երէկ յետմիջօրէին վարչապետ Սաատ Հարիրի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Մատպուլին եւ անոր ընկերակցող եգիպտական պատուիրակութիւնը, որոնց հետ ստորագրեց երեք համաձայնագիրներ` ամրապնդելու համար երկկողմանի առեւտրական եւ ներդրումային գործակցութիւնը:

Այս առիթով Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանան կը ջանայ երկրին տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու իմաստով Եգիպտոսէն փորձառութիւն եւ օրինակելի դասեր քաղել:

Իր կարգին, Մատպուլի նշեց, որ ինք համոզուած է դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները շրջանցելու Լիբանանի կառավարութեան կարողութեամբ:

Նշենք, որ երէկ կէսօրին վարչապետներ Հարիրի եւ Մատպուլի, ընկերակցութեամբ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի եւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարիի, ներկայ գտնուեցան ուրբաթ օրուան նամազին` Թարիք Ժտիտէի Իմամ Ալի մզկիթին մէջ:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Պրազիլցի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Ստորագրեց Գործակցութեան Համաձայնագիր

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Պետական Ամավարկի Քննարկումը Պիտի Շարունակէ Երկուշաբթի Օր

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.