Նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի մէջ գումարեց 2019-ի պետական ամավարկի օրակարգով յատուկ նիստ մը:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնք քննարկեցին նիստին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Նախագահ Աուն նշեց, որ պետական հաստատութիւններու վարչութիւններուն վերակազմաւորումը անհրաժեշտ է` արհեստագիտութեան հետ քայլ պահելու, պաշտօնները ճշդելու, ինչպէս նաեւ պետական վարչութիւններուն աշխատանքը կազմակերպելու նպատակով:
Նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց, որ պետական ամավարկի քննարկումը արագ կատարուի` նախքան մայիսի աւարտը, ինչպէս նաեւ մաղթեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը դառնայ լիբանանեան պետութեան տնտեսական եւ ելեւմտական քաղաքականութեան հայելին:
Նիստը աւարտեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 3:15-ին, այն որոշումով, որ կառավարութիւնը այսօր վարչապետարանին մէջ գումարուելիք նիստի մը ընթացքին շարունակէ պետական ամավարկի քննարկումը:
Նիստէն ետք ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ դրական եւ պատասխանատու նկատեց պետական ամավարկի քննարկումը` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պետական ամավարկը քննարկելու ընդմէջէն ո՛չ միայն կը փորձէ պետական գանձարկղի նիւթական բացը գոցել, այլեւ` ամավարկին ընդմէջէն երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական օրինական կէտերը ճշդել:
Նախարար Խալիլ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին անսացած են հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ցուցմունքներուն` հաստատելով, որ լրատուամիջոցներուն հաղորդած լրատուութիւնը ճշմարտութեան եւ պետական ամավարկին հետ ոչ մէկ կապ ունի:
Խալիլ ընդգծեց, որ ընդհանուր քննարկումներէն արդէն իսկ անցած են մանրամասնութեամբ քննարկումներ կատարելու փուլին` աւելցնելով, որ այդ քննարկումները պիտի սկսին այսօր` վարչապետարանին մէջ կէսօրուան ժամը 12:00-ին գումարուելիք նիստին եւ պիտի շարունակուին հինգշաբթի 2, ուրբաթ 3 եւ շաբաթ 4, եւ նոյնիսկ կիրակի 5 մայիսին, որպէսզի աւարտեն 2019-ի պետական ամավարկի քննարկումը եւ զայն ուղարկեն խորհրդարան:
Խալիլ լաւատեսութիւն յայտնեց, որ պիտի կարենան արագ վաւերացնել պետական ամավարկը: «Կարեւորը այն է, որ նախարարաց խորհուրդին մէջ ճակատներ չըլլան, ինչպէս նաեւ կառավարութեան նիստերէն դուրս այլ տեսակի` նիստին հակադրուող բառամթերքով արտայայտութիւններ չարձանագրուին: Կը մաղթեմ, որ հանգստեան կոչուած զինուորականները դէպի ամփոխավարական ընտրանք չուղղուին: 2019-ի պետական ամավարկին թիւերը ցոյց կու տան, թէ զինուորականներուն աշխատավարձերը ոչ մէկ ձեւով պիտի կրճատուին», նշեց Ալի Հասան Խալիլ:
Նշենք, որ հանգստեան կոչուած զինուորականները երէկ առաւօտեան Կեդրոնական դրամատան դիմաց կատարեցին բողոքի ցոյց մը` մերժելով իրենց աշխատավարձերն ու հատուցումները կրճատումի ենթարկել` պետական գանձարկղի նիւթական բացը նուազեցնելու նպատակով:



