Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Մը Ունեցաւ
Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ նախագահութեամբ երեսփոխան Եասին Ժապերի եւ ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխաններ Սամի Ֆաթֆաթի եւ Ալի Պեզիի, խորհրդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ արաբական-գերմանական բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբին մէկ պատուիրակութեան հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-գերմանական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու կողմերը հետաքրքրող միացեալ հարցերը, որոնց շարքին` սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը, որ Լիբանանի վրայ...


















