Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան, որմէ ստացաւ նամակ մը` յղուած իրանցի իր պաշտօնակիցէն` Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆէն:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Զարիֆ իր նամակով անդրադարձած է Իրանի դէմ որդեգրուած ամերիկեան վերջին պատժամիջոցներուն:
Իր կարգին, Ֆիրուզնիա յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ շրջանը կ՛առաջնորդեն դէպի յաւելեալ ապակայունութիւն` միջազգային օրէնքը խախտելու պատճառով:
Նշենք, որ Պասիլ իր կարգին Ֆիրուզնիային յանձնեց նամակ մը` ուղղուած Զարիֆին:
Իր նամակով Պասիլ խնդրեց, որ ռամատանի առիթով Իրանի մէջ արգելափակուած լիբանանցի քաղաքացի Նիզար Զաքքային յատուկ ներում շնորհուի: