Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ երեկոյեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Դրամատուներու սեփականատէրերու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյը, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական եւ դրամատնային մարզին դիմագրաւած հարցերը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կողմէ 2019-ի պետական ամավարկի քննարկումին վերաբերող խնդիրներ:
Հանդիպումէն ետք Թարապէյ յայտնեց, որ նախագահ Աունին այցելած է ներկայացնելու համար Միացեալ Նահանգներ իրենց կատարած աշխատանքային այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ քննարկելու համար որդեգրուած դրամատնային պատժամիջոցներուն կապուած շարք մը հարցեր:
Թարապէյ յայտնեց, թէ իրենք լաւատես են, որ կառավարութիւնը պիտի կարենայ վաւերացնել պետական համախոհական ամավարկ մը, որ կ՛արտացոլէ երկրին գերագոյն շահերը:
«Մեր նպատակն է երկրին տնտեսութեան բարգաւաճումը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է նաեւ այս շաբթուան ընթացքին Կեդրոնական դրամատան պաշտօնէութեան գործադուլը:
Թարապէյ յայտնեց, որ այդ գործադուլը կը սառեցնէ դրամատնային աշխատանքը` նշելով, որ ինք հանրապետութեան նախագահէն խնդրած է անձամբ միջամտել այդ թղթածրարին եւ լուծել զայն:
Ան հաստատեց, որ դրամատնային գործառնութիւնները քաղաքացիներուն համար զգայուն վիճակ կը պարզեն, յատկապէս երկրին դիմագրաւած ներկայ իրավիճակին լոյսին տակ:
Անդրադառնալով համեստ դասակարգին վրայ յաւելեալ տուրքեր պարտադրելու հաւանականութեան` Թարապէյ շեշտեց, որ տնտեսական տագնապներուն ընթացքին կարելի չէ յաւելեալ տուրքեր պարտադրել:
ՄԻՒՍ կողմէ, նշենք, որ շաբաթ կէսօրին Կեդրոնական դրամատան պաշտօնէութիւնը գումարեց ընդհանուր ժողով մը, որուն ընթացքին բաց գործադուլ յայտարարեց` պահանջելով, որ քաղաքական ուժերը յետս կոչեն Կեդրոնական դրամատան վերաբերող իրենց որոշումները:
Կեդրոնական դրամատան պաշտօնէութեան ընդհանուր ժողովը հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատունը միակ յաջող հաստատութիւնն է` հաստատելով, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ գործադուլին չի զօրակցիր, այլ` երկրին պաշտպանութեան:
«Սալամէ մեզմէ պահանջեց, որ այս կեցուածքը արտայայտուի միայն հաղորդագրութեամբ, սակայն մեր որոշումը սենտիքայական անկախ որոշում է, իսկ մեր պիւտճէն անկախ է, այլ խօսքով` Կեդրոնական դրամատան պաշտօնէութեան աշխատավարձերը պետութիւնը չէ որ կը վճարէ», ընդգծուեցաւ Կեդրոնական դրամատան պաշտօնէութեան կողմէ:



