Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Պրազիլի խորհրդարանի նախագահ Ռոտրիկօ Մայան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ստորագրեց երկու խորհրդարաններուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան համաձայնագիր մը:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի ընդգծեց Լիբանանի եւ Պրազիլի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութիւնները` հաստատելով, որ անոնք բացառիկ հեզասահ եւ ընտանեկան յարաբերութիւններ են: