Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ. «Լիբանանեան Թղթոսկին Պիտի Մնայ Կայուն» Շեշտեց Ռիատ Սալամէ

Մայիս 3, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական կացութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Սալամէ յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են  այս տարուան այն վարկերը, որոնք պիտի արժանանան Կեդրոնական դրամատան օժանդակութեան:

Սալամէ հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատունը պիտի զօրակցի 500 միլիոն տոլար արժողութեամբ բնակարանային վարկերու, ինչպէս նաեւ այլ 500 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ քուէյթեան վարկին զօրակցութեամբ` լիբանանեան արտադրութիւնները քաջալերելու:

Սալամէ շեշտեց, որ լիբանանեան թղթոսկին պիտի մնայ կայուն:

Նշենք, որ երէկ երեկոյեան Կեդրոնական դրամատան պաշտօնէութեան սենտիքան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին, վարչապետին եւ բոլոր պատասխանատուներուն` մերժելու Կեդրոնական դրամատան եւ յանձին անոր կառավարիչին` Ռիատ Սալամէի դէմ կատարուած յարձակումն ու ցեխարձակումները:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունն ու անոր աշխատանքի դրութիւնը միջազգային չափանիշներով գնահատանքի արժանացած են:

Նոյն հաղորդագրութեան մէջ աւելցուեցաւ, որ Կեդրոնական դրամատունը իր ազգային դերակատարութիւնը կը կատարէ` պահպանելով իր միասնականութիւնն ու անկախութիւնը, եւ դժուար օրերուն կ՛երաշխաւորէ բոլոր լիբանանցիներուն արժանապատիւ կեանքը:

«Այս բոլորէն մղուած` Կեդրոնական դրամատան պաշտօնէութիւնը այսօր` ուրբաթ, 3 եւ վաղը` շաբաթ, 4 մայիսին պիտի գործադրէ զգուշացման գործադուլ մը, որուն շրջագիծին մէջ պաշտօնէութիւնը պիտի ուղղուի իր աշխատանքի վայրը, սակայն պիտի դադրեցնէ աշխատանքը: Իսկ ցեխարձակումները չդադրեցնելու պարագային, պիտի ուղղուինք դէպի բաց գործադուլ», ընդգծուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Նախորդը

Պէյրութի Մէջ. «Եգիպտացի Գործարարները Պատրաստ Են Լիբանանի Մէջ Ներդրումներ Կատարելու» Շեշտեց Եգիպտոսի Վարչապետը

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Որոշեց Երեսփոխաններուն Եւ Նախարարներուն Անունով Ինքնաշարժներու Արձանագրութիւններն Ու Մաքսատուրքերը Գանձել

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?