ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես երէկ պահանջեց Հըզպալլայի ապազինումը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի զինուորական գործողութիւններուն կասեցումը:
Կութիերես շեշտեց լիբանանեան պետութեան կողմէ զէնքի եւ ուժի իւրացումին կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ միլիսներու գոյութիւնը կը սպառնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան:
Կութիերես Հըզպալլայէն եւ բոլոր կողմերէն պահանջեց զինուորական գործողութիւններուն վերջ տալ եւ յանձնառու մնալ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 բանաձեւի գործադրութեան:
Ան լիբանանեան պետութենէն խնդրեց արգիլել Հըզպալլային եւ զինեալ խմբաւորումներուն զէնք ու զինամթերք ունենալու իրականութիւնը, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի մօտիկ պետութիւններէն պահանջեց քաջալերել Հըզպալլան իր զէնքը յանձնելու եւ դառնալու միայն քաղաքական կուսակցութիւն:
Միւս կողմէ, Կութիերես դրուատեց Լիբանանի կառավարութեան կողմէ երկրին տնտեսական կացութեան բարելաւումը առաջնահերթութիւն նկատելու կարեւորութեան ընդգծումը` շեշտելով ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը պատրաստելու անհրաժեշտութիւնը: