Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ. «Եգիպտացի Գործարարները Պատրաստ Են Լիբանանի Մէջ Ներդրումներ Կատարելու» Շեշտեց Եգիպտոսի Վարչապետը

May 3, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլի, որ նախանցեալ գիշեր պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, երէկ առաւօտեան այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Սաատ Հարիրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, արծարծուեցան Լիբանան-Եգիպտոս երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցան երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Մանսուր Պթէյշ, աշխատանքի նախարար Քամիլ Ապու Սլէյման, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյր, արհեստագիտութեան եւ ներդրումներու պետական նախարար Ատել Աֆիունի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Նատա Պուսթանի, Եգիպտոսի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Հալապի, նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէ, ինչպէս նաեւ վարչապետ Հարիրիի խորհրդատուները:

Եգիպտական պատուիրակութեան մաս կազմեցին Եգիպտոսի ուժանիւթի եւ ելեկտրականութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Շաքեր, ներդրումներու եւ միջազգային գործակցութեան նախարար Սահար Նասըր, նաւթի նախարար Թարեք Մուլլա, աշխատանքի նախարար Մոհամետ Սաաֆան, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ամրօ Թալաաթ, առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի նախարար Ամրօ Նասսար, Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարի, Եգիպտոսի կառավարութեան ընդհանուր քարտուղար Աթեֆ Ապտել Ֆաթթահ եւ վարչապետ Մատպուլիի խորհրդատուները:

Երեկոյեան վարչապետ Հարիրի վարչապետարանին մէջ ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ Մատպուլիի:

Ընթրիքին ընթացքին վարչապետ Հարիրի շեշտեց Լիբանանի եւ Եգիպտոսի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրներուն կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ ինք միշտ կը հետապնդէ Լիբանանի եւ Եգիպտոսի միջեւ սեփական մարզին վերաբերող որեւէ հարցի քննարկում:

«Լիբանան յանձնառու կը մնայ պահպանելու Եգիպտոսի հետ իր լաւագոյն յարաբերութիւնները», ըսաւ ան:

Մատպուլի իր կարգին նշեց, որ լիբանանցի եւ եգիպտացի ժողովուրդներուն միջեւ ամուր յարաբերութիւններ եւ կապեր գոյութիւն ունին` աւելցնելով, որ իրենք յանձնառու են երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները ամրապնդելու:

«Եգիպտոս միշտ պիտի օժանդակէ Լիբանանին», հաստատեց ան:

Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի օր մը առաջ ուղղուած էր Պէյրութի միջազգային օդակայան եւ դիմաւորած Մատպուլին ու անոր ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ դեսպան Նաժարիի:

Աւելի ուշ Նաժարի իր բնակարանին մէջ սարքած էր ընթրիք մը` ի պատիւ Մատպուլիի. ընթրիքին ընթացքին ան շեշտեց, որ եգիպտացիները ամէնէն աւելի մտերիմ կը զգան լիբանանցինեուն հետ:

Ան դրուատեց լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները` ընդգծելով, որ եգիպտացի գործարարները պատրաստ են Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարելու:

Մատպուլի շեշտեց, որ եգիպտացի փորձագէտներ կրնան օժանդակել Լիբանանին` լուծելու համար իր դիմագրաւած ուժանիւթի հարցը:

Եգիպտոսի վարչապետը նկատել տուաւ նաեւ, որ Եգիպտոս յանձնառու կը մնայ Լիբանանի հետ իր բնականոն յարաբերութիւններու պահպանումին` աւելցնելով, որ լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները պիտի մնան ամրապնդուած` տնտեսական, առեւտրական, մտաւորական, մշակութային եւ զբօսաշրջական առումով:

Մատպուլի վստահութիւն յայտնած էր, որ նախագահ Աունի իշխանութեամբ եւ վարչապետ Հարիրիի ու Նեպիհ Պըրրիի եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն գործակցութեամբ Լիբանան պիտի շրջանցէ իր դիմագրաւած զգայուն փուլը:

Կը նախատեսուի, որ Եգիպտոսի վարչապետը այսօր հանդիպումներ ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Նախորդը

«Հարաւային Լիբանան Մուտք Գործելու Մասին Մտածող Իսրայէլեան Վաշտերն Ու Զօրախումբերը Պիտի Քանդուին Ու Քայքայուին» Հաստատեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

Պաապտայի Մէջ. «Լիբանանեան Թղթոսկին Պիտի Մնայ Կայուն» Շեշտեց Ռիատ Սալամէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.