ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան յայտնեց, որ այսօր` երկուշաբթի, 6 մայիս 2019-ն, կը զուգադիպի ռամատանի առաջին օրուան: Այս առիթով ան շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները, յատկապէս` իսլամները:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Ղասսան Հասպանի ընդգծեց, որ 2019-ի պետական պիւտճէի ամավարկը պէտք է բարեկարգումի ծրագիր մը ըլլայ եւ ոչ թէ թուաբանական:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ Մարիամ Աստուածածինին նուիրուած այս ամիսը Լիբանանի համար ըլլայ բարիքներու ամիս:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ Պէյրութի բարգաւաճման խորհրդաժողովին ընթացքին ներկայացուց վարչապետ Սաատ Հարիրին: Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Սալամ շեշտեց, որ 2019-ի պետական ամավարկի վաւերացումը նոր թափ եւ կորով պիտի շնորհէ երկրին:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ ոչ ոք նպատակ ունի Կեդրոնական դրամատան անկախ գործունէութիւնը կաշկանդել եւ կամ զայն հակակշիռի տակ առնել:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Էլիաս Պու Սաապ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման վերահաստատած է Նահատակաց տօնը, որ ազգային տօն մըն է, եւ որուն շուրջ տարուէ տարի լիբանանցիները աւելի եւս պիտի համախմբուին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածները պէտք է արագօրէն վերադառնան իրենց երկիրը, իսկ Լիբանանի մէջ մնացող սուրիացիները պէտք է օրէնքի ենթարկուին:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Աշխատաւորներու տօնը դէպի աւելի լաւ ապագայ մը անցնելու տօնն է:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ կոչ ուղղեց միշտ զօրակցելու լիբանանեան բանակին, որովհետեւ անիկա մնայուն երաշխիքն է երկրին ապագային:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Պաքր Հուժէյրի շեշտեց, որ բանակին մէջ ծառայող զինուորականը կամաւոր է եւ ոչ թէ պաշտօնեայ: Ան հաստատեց, որ կարգ մը երեսփոխաններ պէտք չէ ամսական երկու աշխատավարձ ստանան:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հաստատեց, որ Մազարեհ Շեպաան լիբանանեան հող է` աւելցնելով, որ այդ մասին բանավէճերը զիրենք չեն հետաքրքրեր եւ չեն ուզեր այդ բանավէճին մաս կազմել:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ «Իսլամ եղբայրներ» կազմակերպութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ դասելու ամերիկեան որոշումը կրնայ ամէնէն ճիշդ որոշումը ըլլալ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի երկրորդ անկախութեան մը, որ հայրենիքը ազատագրէ համայնքային ու յարանուանական ախտերէն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նիքոլա Թուէյնի հաստատեց, որ մսխումի քաղաքականութեան հարցը Լիբանան կրնայ լուծել միայն դատաւորներուն իրաւասութիւններ շնորհելու ճամբով:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին շեշտեց, որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը եւ լիբանանեան թղթոսկիի արժէքին կայունութիւնը կրնայ տակաւին տասնամեակ մը տեւել:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ Շամիսի շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի չափաւորական եւ հաւատարիմ պետական անձնաւորութիւն է` աւելցնելով, որ Թարիք Ժտիտէի բնակիչները անոր գուրգուրանքին արժանի են:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կոչ ուղղած է բոլորին զիջումներ կատարելու եւ շփացածութեան վերջ տալու: Ան հաստատեց, որ փտածութեան դէմ պայքարիլն ու իսկական բարեկարգումներ կատարելը բոլորին պատասխանատուութիւնն է:


