Լիբանանեան

Սալամ Եւ Պուխարի Դիմաւորեցին Սէուտական  Արաբիոյ Շուրայի Խորհուրդը  Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը

Սալամ Եւ Պուխարի Դիմաւորեցին Սէուտական Արաբիոյ Շուրայի Խորհուրդը Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը

Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ խորհրդարանական բարեկամական յանձնախումբի նախագահ, նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցիչ Ուալիտ Պուխարի երէկ գիշեր Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորեցին սէուտական Շուրայի խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը: Նշենք, որ նման այցելութիւն մը Լիբանանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը կատարուի, եւ անիկա պատմական այցելութիւն պիտի ըլլայ: Իր տեսակին մէջ իւրայատուկ նկատուող այս այցելութիւնը...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց օրէնսդրական նիստի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 26 յունիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ժամիլ Ժապաքը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Ժապաք յայտնեց, որ հանդիպումը յաջող էր ու արդիւնաւէտ: Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի...

Հարիրի. «Պասիլի Հետ Անկեղծանալու  Հանդիպումէն Ետք Մեր Միջեւ Համաձայնութիւնը  Յաւելեալ Զօրութեամբ Պիտի Շարունակուի»

Հարիրի. «Պասիլի Հետ Անկեղծանալու Հանդիպումէն Ետք Մեր Միջեւ Համաձայնութիւնը Յաւելեալ Զօրութեամբ Պիտի Շարունակուի»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին: Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Հինգ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Հարիրի եւ Պասիլ հանդիպումը նկատեցին համապարփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան տարբեր թղթածրարներ: Վարչապետ Հարիրիի գրասենեակը...

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ  Ամրապնդելու Ապահովական Իր Կայունութիւնը»

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Ամրապնդելու Ապահովական Իր Կայունութիւնը»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական-ամերիկեան ակումբներու համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Ալպեր Ժաուհարիի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան պատրաստ է լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու իր զաւակներէն անոնց, որոնք կը փափաքին ստանալ իրենց քաղաքացիութիւնը: Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան կարիք ունի իր զաւակներուն` դիմադրել կարենալու համար ներկայ պայմաններուն ու մարտահրաւէրներուն: «Լիբանան կառչած կը...

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի  Դիւանի Նիստին

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Միշել Մուսա, Ալեն Աուն, Սամիր Ժսըր, խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր եւ ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Մուսա: Նիստէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ խորհրդարանը այս ամսուան աւարտին պիտի գումարէ օրէնսդրական նիստ մը, որուն...

Պէյրութի Քաղաքապետարանը Վերացուց Ռամլեթ  Պայտայի Ծովափին Ապօրինի Շինարարութիւնները

Պէյրութի Քաղաքապետարանը Վերացուց Ռամլեթ Պայտայի Ծովափին Ապօրինի Շինարարութիւնները

Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպի հրահանգով, Պէյրութի քաղաքապետութիւնը անցեալ շաբաթավերջին վերացուց Ռամլեթ Պայտա ժողովրդային ծովափին վրայ գտնուող ապօրինի շինութիւնները, որոնց շարքին` ճաշարան, սրճարան, փուռ, կլկլակ վարձելու վաճառատուն, մինի մարքեթ, հաւնոց եւ այլ շինութիւններ, որոնք առանց արտօնագիրի կառուցուած են: Ըստ քաղաքապետարանին, աւելի ուշ նաեւ աշխատանք պիտի տարուի ծովափին աւազները մաքրելու եւ զայն այդ ձեւով տրամադրելու Պէյրութի բնակչութեան, որպէսզի լաւ կերպով օգտագործեն զայն:...

Հասան Եւ Պու Սաապ Քննարկեցին Երկու  Նախարարութիւններուն Միջեւ Աշխատանքը  Համադրելու Հեռանկարները

Հասան Եւ Պու Սաապ Քննարկեցին Երկու Նախարարութիւններուն Միջեւ Աշխատանքը Համադրելու Հեռանկարները

Ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ներքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ աշխատանքը համադրելու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Միւս կողմէ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց...

Սաթըրֆիլտ Յետաձգեց Պէյրութ  Իր Այցելութիւնը

Սաթըրֆիլտ Յետաձգեց Պէյրութ Իր Այցելութիւնը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական եւ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններու բանագնաց Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ երէկ յետաձգեց Պէյրութ իր այցելութիւնը: «Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, Սաթըրֆիլտ Իսրայէլի մէջ ունեցած իր հանդիպումներուն ընթացքին ոչ մէկ զարգացում արձանագրած է: Նոյն օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի տեղեակ պահուած է Սաթըրֆիլտի այցելութեան յետաձգումին մասին` Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան կողմէ ստացած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը...

Պասիլ Ընդունեց Նիզար Զաքքան

Պասիլ Ընդունեց Նիզար Զաքքան

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց իրանեան իշխանութիւններուն կողմէ ազատ արձակուած լիբանանցի արգելափակեալ գործարար Նիզար Զաքքան: Հանդիպումէն ետք Զաքքա յայտնեց, որ ինք շնորհակալութիւն յայտնած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի, Պասիլի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, ինչպէս նաեւ Իրանի մէջ լիբանանեան դեսպանատան, որոնք օժանդակած են իր ազատ արձակումին եւ Լիբանան...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ անհրաժեշտ նկատեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը կարճ ժամանակի ընթացքին կարելի ըլլայ վաւերացնել խորհրդարանին կողմէ: Ըստ Խալիլի, երկրին ելեւմտական իրավիճակը մտահոգիչ չէ: ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Քամիլ Ապու Սլէյման հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով լիբանանեան ազգային համախոհութիւն գոյութիւն ունի: ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպ յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը քաջալերելու ծրագիրներ...

Սաթըրֆիլտ Այսօր Իսրայէլէն  Պիտի Վերադառնայ  Լիբանան Եւ Հանդիպի Պըրրիի Հետ

Սաթըրֆիլտ Այսօր Իսրայէլէն Պիտի Վերադառնայ Լիբանան Եւ Հանդիպի Պըրրիի Հետ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական եւ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններու բանագնաց Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ այսօր Իսրայէլէն պիտի վերադառնայ Պէյրութ, ուր ան հանդիպում պիտի ունենայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Տակաւին կարելի չէ ըսել, թէ Սաթըրֆիլտի առաքելութիւնը յաջողա՞ծ է, թէ՞ ձախողած, որովհետեւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ անոր հանդիպումները տակաւին առկայ են եւ բանակցութիւնները` ընթացքի մէջ: Կը նախատեսուի սակայն,...

«Յանձնառու Ենք Ազգային Միասնականութեան  Եւ Բազմազանութեան, Իսկ Ոչ Ոք Իրաւունք Ունի  Ձախողեցնելու Ազգային Ծրագիր Մը»  Շեշտեց Պասիլ

«Յանձնառու Ենք Ազգային Միասնականութեան Եւ Բազմազանութեան, Իսկ Ոչ Ոք Իրաւունք Ունի Ձախողեցնելու Ազգային Ծրագիր Մը» Շեշտեց Պասիլ

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շաբաթավերջին այցելեց Պշարրէ, Պաթրուն, Տումա, Թհում եւ Քֆիֆան, ուր կատարեց յայտարարութիւններ, որոնք կը վերաբերէին Լիբանանին եւ քաղաքական աշխատանքին: Պշարրէի մէջ Պասիլ յայտնեց, որ ինք հպարտ կը զգայ այդ շրջանը այցելելով, որովհետեւ անիկա Լիբանանը խորհրդանշող մայրիներու քաղաքն է: Պասիլ հաստատեց, որ Լիբանան մեծ հարստութիւններ ունի եւ բարի ժողովուրդ` ցաւ յայտնելով սակայն, որ լիբանանցիները իրարու միջեւ քինախնդրութեան...

«Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարին  Առնչութեամբ Սուրիական Կողմը Անկեղծ  Եւ Արագ Աշխատանք Կը Կատարէ»   Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Իպրահիմ. «Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձը Քաղաքական Յանդուգն Որոշումի Կարիք Ունի»

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանցի քաղաքացի Նիզար Զաքքայի ազատ արձակման բանակցութիւնները սկսած էին Իրանի մէջ անոր ձերբակալութենէն վեց ամիս ետք: Ան նշեց, որ նման բանակցութիւնները ժամկէտի հետ որեւէ կապ չունին, այլ ուղղակիօրէն կապուած են երկվայրկեանի մէջ կատարուած միջամտութեան, որ ճիշդ ու յարմար ժամանակին կը կատարուի: Իպրահիմ յայտնեց, որ Լիբանան շրջանցած է նախագահական...

Մարոնի Եպիսկոպոսներու  Սիւնհոդոսը Պուլոս  Ապտել Սաթեր Եպիսկոպոսը  Ընտրեց Պէյրութի Առաջնորդ

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը Պուլոս Ապտել Սաթեր Եպիսկոպոսը Ընտրեց Պէյրութի Առաջնորդ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին նախագահութեամբ Մարոնի համայնքի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը շաբաթավերջին աւարտեց իր աշխատանքները: Սիւնհոդոսի ընթացքին Ռայի պատրիարքը իր ուղղած պատգամին մէջ նշեց, որ շրջանին մէջ պատերազմի փողեր հնչեցնելու տրամադրութիւնը պէտք է լիբանանեան պետութիւնը մղէ ամրապնդելու ինքզինք: «Մենք կ՛աղօթենք, որ քաղաքական անձնաւորութիւնները հասնին իրենց ներքին եւ քաղաքական խաղաղութեան», շեշտեց ան` մաղթելով, որ պետութիւնը չշրջանցէ օրէնքներն ու սահմանադրութիւնը, այլ անոնց հունին...

Մուխթարայի Մէջ,   «Հարցը Ժըպրան Պասիլը Չէ,  Այլ Անոր Նեցուկ Կանգնողը»   Շեշտեց Ժեմայէլ

Մուխթարայի Մէջ, «Հարցը Ժըպրան Պասիլը Չէ, Այլ Անոր Նեցուկ Կանգնողը» Շեշտեց Ժեմայէլ

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ յետմիջօրէին այցելեց Մուխթարա, ուր ընդունուեցաւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի կողմէ: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենց համար կարեւոր է, որ Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը քաղաքական ուժերու ղեկավարութիւններուն միջեւ հաշտութիւն մը չըլլայ, այլ` իր դրսեւորումը ունենայ Լեռնալիբանանի բնակչութեան վրայ: Ան նշեց, որ լսած են յայտարարութիւններ, որոնք հաշտութեան նկատմամբ վախ կը սերմանեն: «Այդ յայտարարութիւններէն...

Հաշեմ Սաֆիէտտին. «Ամերիկան Մեզի Համար  Իսկական Թշնամի Մըն Է, Որ Գիշատիչ Է»

Հաշեմ Սաֆիէտտին. «Ամերիկան Մեզի Համար Իսկական Թշնամի Մըն Է, Որ Գիշատիչ Է»

Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ շրջանային մակարդակի վրայ Միացեալ Նահանգներուն եւ անոնց դաշնակիցներուն դիմադրելը դիւրին չէ, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Միացեալ Նահանգները իրենց բոլոր կարողութիւնները, կարելիութիւնները, լծակներն ու ճնշումները կը կեդրոնացնեն Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան ձայնը լռեցնելու, ինչպէս նաեւ Իրանի ժողովուրդին կողմէ պաղեստինեան իրաւացի հարցին նկատմամբ զօրակցութեան վերջ տալու նպատակով: Սաֆիէտտին հաստատեց, որ իրենց համար...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ վաղը` երեքշաբթի, 18 յունիս 2019-ին, իր ընթացիկ նիստը պիտի գումարէ վարչապետարանին մէջ` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Քննարկուելիք օրակարգը բաղկացած է աւելի քան հարիւր կէտերէ: Կառավարութիւնը իր այս նիստին ընթացքին նշանակումներ պիտի չկատարէ: ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Ղասսան Հասպանի յոյս յայտնեց, որ կառավարութեան կողմէ կատարուելիք նշանակումները քուլիսներու ետին չճշդուին: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ յանձնախումբին...

Նախագահ Աուն Մահմուտ Ապպասէն Ստացաւ  Գնահատանքի Նամակ Մը` Իր Քաջ  Եւ Պատմական Կեցուածքներուն Համար

Նախագահ Աուն Մահմուտ Ապպասէն Ստացաւ Գնահատանքի Նամակ Մը` Իր Քաջ Եւ Պատմական Կեցուածքներուն Համար

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ֆաթհի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ազզամ Ահմատի: Ահմատ նախագահ Աունին յանձնեց Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասէն նամակ մը, որուն մէջ ան անդրադարձած էր ներկայ շրջանային իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ Պաղեստինեան հարցին մասին պաղեստինեան կեցուածքին: Մահմուտ Ապպաս նամակին մէջ նկատել տուած էր, որ Իսրայէլ կը շարունակէ ընդարձակման քաղաքականութիւնը, բնակեցման վայրերու ապօրինի շինութիւնները, բռնագրաւուած...

Վարչապետ Հարիրի Լասընի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Վարչապետ Հարիրի Լասընի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Վարչապետ Հարիրիին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Էմանուէլ Լամուրոն, որ վարչապետին հետ քննարկեց 2019-ի պետական ամավարկին, տնտեսական բարեկարգումներուն եւ «Սետր»-ի համաձայնագիրին վերաբերող շարք մը հարցեր: Քննարկումի առարկայ դարձան Լիբանանի տնտեսական եւ ապահովական կայունութիւնը...

Նախարար Կիտանեան Լողափներու  Եւ Լողաւազաններու  Վարչութիւններէն Պահանջեց Յանձնառու  Մնալ Հանրային Ապահովութեան

Նախարար Կիտանեան Լողափներու Եւ Լողաւազաններու Վարչութիւններէն Պահանջեց Յանձնառու Մնալ Հանրային Ապահովութեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ լողափներու եւ լողաւազաններու վարչութիւններուն յղեց թիւ 5 շրջաբերականը, որուն ընդմէջէն ան անոնցմէ պահանջեց յանձնառու մնալ հանրային ապահովութեան: Շրջաբերականին մէջ նշուեցաւ, որ լողաւազաններու պարագային պէտք է մաքուր ջուր լեցուի աւազաններուն մէջ եւ մնայուն կերպով ջուրը զտուի` ստուգելէ ետք անոր զերծ ըլլալը որեւէ տեսակի ժահրէ, որպէսզի կարելի ըլլայ երաշխաւորել լողաւազանի այցելուներուն ապահովութիւնը: Նախարար Կիտանեան պահանջեց նաեւ նախարարութեան...

Page 553 of 988 1 … 552 553 554 … 988

Արխիւներ