Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական-ամերիկեան ակումբներու համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Ալպեր Ժաուհարիի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան պատրաստ է լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու իր զաւակներէն անոնց, որոնք կը փափաքին ստանալ իրենց քաղաքացիութիւնը:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան կարիք ունի իր զաւակներուն` դիմադրել կարենալու համար ներկայ պայմաններուն ու մարտահրաւէրներուն: «Լիբանան կառչած կը մնայ ամրապնդուած պահելու երկրին ապահովական կայունութիւնը, որպէսզի ան դառնայ արտերկրի լիբանանցիներուն ուշադրութեան կեդրոնը», հաստատեց ան:
Նախագահ Աունի այցելեցին նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Աքրամ Շեհայէպ եւ ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր: Անոնք նախագահ Աունի յանձնեցին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթէն նամակ մը, որ կը վերաբերի երկրին քաղաքական ընդհանուր իրավիճակին:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին յաջորդող փուլը, որ պիտի ծառայէ լիբանանեան տնտեսութեան օժանդակութեան:
Նախագահական պալատ այցելեցին Մարոնի միաբանութեան աբբահայր Նաամթալլա Հաշեմ եւ Աննայայի Մար Մարուն վանքի պատասխանատու հայր Թաննուս Նաամէ, որոնք նախագահ Աունին յանձնեցին հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու 21 յուլիս 2019-ին, Ս. Շարպելի տօնին առիթով Աննայայի մէջ մատուցուելիք պատարագին:



