Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յանձնառու Ենք Ազգային Միասնականութեան Եւ Բազմազանութեան, Իսկ Ոչ Ոք Իրաւունք Ունի Ձախողեցնելու Ազգային Ծրագիր Մը» Շեշտեց Պասիլ

Յունիս 17, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շաբաթավերջին այցելեց Պշարրէ, Պաթրուն, Տումա, Թհում եւ Քֆիֆան, ուր կատարեց յայտարարութիւններ, որոնք կը վերաբերէին Լիբանանին եւ քաղաքական աշխատանքին:

Պշարրէի մէջ Պասիլ յայտնեց, որ ինք հպարտ կը զգայ այդ շրջանը այցելելով, որովհետեւ անիկա Լիբանանը խորհրդանշող մայրիներու քաղաքն է:

Պասիլ հաստատեց, որ Լիբանան մեծ հարստութիւններ ունի եւ բարի ժողովուրդ` ցաւ յայտնելով սակայն, որ լիբանանցիները իրարու միջեւ քինախնդրութեան պատճառով կը քանդեն ամէն բան:

Ան նշեց, որ երեսփոխանական վերջին ընտրութիւնները փաստած են Պշարրէի մէջ գոյութիւն ունեցող քաղաքական բազմազանութեան իրականութիւնը` աւելցնելով, որ այդ ընտրութիւններու արդիւնքներուն համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կ՛ընդունի, թէ Պշարրէի մէկ բաժինը կը ներկայացնէ եւ ոչ մեծամասնութիւնը:

«Յանձնառու ենք ազգային միասնականութեան եւ բազմազանութեան, իսկ ոչ ոք իրաւունք ունի ձախողեցնելու ազգային ծրագիր մը եւ կաշկանդելու միտքի ազատութիւնը», շեշտեց Պասիլ` նկատել տալով, որ շրջանին զբօսաշրջութիւնը պէտք է զարգացնել:

Պաթրունի մէջ Պասիլ այցելեց «Էմիլ Պիթար» հիւանդանոցը եւ զօրակցութիւն յայտնեց հիւանդանոցին բարգաւաճման եւ արդիականացման աշխատանքներուն, որպէսզի ան կարենայ շրջանի բնակչութեան լաւագոյն ծառայութիւնը տրամադրել:

Տումայի մէջ Պասիլ բացումը կատարեց Տումայի հին շուկայի վերանորոգման աշխատանքներու Գ. փուլին:

Պասիլ Թհումի Հարպա հովիտին մէջ ներկայ գտնուեցաւ կիրակի օրուան Ս. պատարագին`  Սրբուհի Ռաֆքայի ուխտավայր տանող ճամբուն հիմնարկէքը կատարելէ ետք:

Այս առիթով Պասիլ անդրադարձաւ կենսոլորտային եւ կրօնական զբօսաշրջութեան` հաստատելով Լիբանանի մէջ այդ տեսակի զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու կարեւորութիւնը:

Քաղաքապետարաններու Գ. Խորհրդաժողով

Միւս կողմէ, շաբաթ առաւօտեան Պասիլ հովանաւորեց եւ գլխաւորեց  «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ քաղաքապետարաններու Գ. խորհրդաժողովը, որ կազմակերպուած էր Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքապետարաններու յանձնախումբին կողմէ:

Խորհրդաժողովը կը կրէր հետեւեալ խորագիրը. «Ձեր հայրենիքը կարիքը ունի ձեր վերադարձին. տեղահանուածներու տագնապ եւ անոր լուծման մէջ քաղաքապետարաններու դերակատարութիւնը»:

Այս առիթով Պասիլ իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն հայրենիք վերադարձը իրաւունք է, եւ միջազգային օրէնքի կարիք չունի, «իսկ այդ տագնապը պաղեստինցի գաղթականներուն դիմագրաւած իրականութեան հետ ընդհանրապէս կարելի չէ բաղդատել, որովհետեւ այս պարագային բռնագրաւուած հողերու դրութիւն չկայ, եւ ոչ ոք կ՛արգիլէ անոնց տունդարձը», ըսաւ ան:

Պասիլ հաստատեց, որ կան մեծ պետութիւններ, որոնք շահեր ունին սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձ չկատարելու իրականութենէն, եւ ասիկա Լիբանանի դէմ դաւադրութիւն կը նկատուի:

Պասիլ շեշտեց, որ քաղաքապետարանները կրնան օրէնքը գործադրել` տեղահանուած սուրիացիները տունդարձի մղելու առումով` նկատի ունենալով, որ տունդարձը անոնց արդար իրաւունքն է: «Հետեւաբար, ներքին գործոց նախարարութիւնը ոչ մէկ քաղաքապետի կրնայ դպչիլ, եթէ ան օրէնքը գործադրէ», ըսաւ ան:

Պասիլ եզրափակեց ընդգծելով, որ Լիբանան այս իրավիճակին հասած է, որովհետեւ միջազգային ընտանիքը պատճառած է այդ տագնապը, «իսկ բոլոր այն յայտարարութիւնները, թէ միջազգային ընտանիքը կը բաժնէ լիբանանեան պետութեան վրայ բարդուած տեղահանուածներու բեռը, սխալ են, որովհետեւ իրականութիւնը այն է, որ լիբանանեան պետութիւնը ոչ մէկ կերպով կ՛օգտուի միջազգային ընտանիքին տրամադրած օժանդակութիւններէն, այլ այդ օժանդակութիւններէն կ՛օգտուին տեղահանուածները», հաստատեց ան:

 

 

 

Նախորդը

Իպրահիմ. «Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձը Քաղաքական Յանդուգն Որոշումի Կարիք Ունի»

Յաջորդը

Սաթըրֆիլտ Այսօր Իսրայէլէն Պիտի Վերադառնայ Լիբանան Եւ Հանդիպի Պըրրիի Հետ

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?