Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ շրջանային մակարդակի վրայ Միացեալ Նահանգներուն եւ անոնց դաշնակիցներուն դիմադրելը դիւրին չէ,
յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Միացեալ Նահանգները իրենց բոլոր կարողութիւնները, կարելիութիւնները, լծակներն ու ճնշումները կը կեդրոնացնեն Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան ձայնը լռեցնելու, ինչպէս նաեւ Իրանի ժողովուրդին կողմէ պաղեստինեան իրաւացի հարցին նկատմամբ զօրակցութեան վերջ տալու նպատակով:
Սաֆիէտտին հաստատեց, որ իրենց համար Ամերիկան իսկական թշնամի մըն է, որ գիշատիչ է, անիրաւ, վայրագ ու յարձակողական, «բայց եւ այնպէս մենք պիտի շարունակենք դիմադրել եւ գոյատեւել` չարիքին ու բռնարարքներուն դիմաց», ըսաւ ան:
Սաֆիէտտին ընդգծեց, որ Լիբանանի եւ շրջանին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն պատճառը Միացեալ Նահանգներն են` աւելցնելով, որ շրջանը եւ անոր դիմադրող ժողովուրդները «Դարու գործարք»-ը պիտի վերածեն Միացեալ Նահանգներու երեսին հասնելիք «Դարու ապտակ»-ին:
«Մեզի համար կարեւորագոյնը այն է, որ Լիբանանը մնայ հզօր, կայուն եւ միասնական, եւ լիբանանցիները կարենան դուրս գալ իրենց փորձանքներէն եւ երկրին տնտեսութիւնը փրկեն, ինչպէս նաեւ ընկերային իրավիճակը բարելաւեն», ընդգծեց սէյիտ Սաֆիէտտին: