Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Կիտանեան Լողափներու Եւ Լողաւազաններու Վարչութիւններէն Պահանջեց Յանձնառու Մնալ Հանրային Ապահովութեան

Յունիս 15, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ լողափներու եւ լողաւազաններու վարչութիւններուն յղեց թիւ 5 շրջաբերականը, որուն ընդմէջէն ան անոնցմէ պահանջեց յանձնառու մնալ հանրային ապահովութեան:

Շրջաբերականին մէջ նշուեցաւ, որ լողաւազաններու պարագային պէտք է մաքուր ջուր լեցուի աւազաններուն մէջ եւ մնայուն կերպով ջուրը զտուի` ստուգելէ ետք անոր զերծ ըլլալը որեւէ տեսակի ժահրէ, որպէսզի կարելի ըլլայ երաշխաւորել լողաւազանի այցելուներուն ապահովութիւնը:

Նախարար Կիտանեան պահանջեց նաեւ նախարարութեան ներկայացնել լողաւազան կամ լողափ մուտքի, ինչպէս նաեւ ճաշացուցակի եւ ըմպելիներու սակերը` առ ի վաւերացում: Շրջաբերականին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ այդ սակացոյցը պէտք է նոյն լողաւազանին կամ լողափին կողմէ բացայայտ տեղ մը զետեղուի, որպէսզի անիկա ըլլայ հանրութեան տրամադրութեան տակ:

Իւրաքանչիւր լողաւազան կամ լողափ, որ ճաշ մատուցելու դրութիւն  ունի, պէտք է ունենայ համապատասխան մաքուր խոհանոց եւ չափանիշները ամբողջացնող սննդեղէն` կանխարգիլելու համար թունաւորումի որեւէ պարագայ:

Ըստ շրջաբերականին լողաւազաններու կամ լողափներու ճաշարաններուն մէջ գործող աշխատաւորները պէտք է սննդագիտութեան կամ ճաշի պատրաստութեան փորձառութիւն ունենան:

Իւրաքանչիւր լողաւազան կամ լողափ պէտք է ունենայ իր փրկարար հսկիչը, որ պէտք է համապատասխան մարզէն վկայուած ըլլայ:

Իւրաքանչիւր լողաւազան կամ լողափ պէտք է ունենայ առաջին բուժօգնութեան յատուկ սենեակ մը` կահաւորուած համապատասխան սարքերով:

Իւրաքանչիւր լողաւազան կամ լողափ պէտք է ճշդէ ջուր մուտքի եւ ելքի նշանները եւ պատրաստէ ցուցմունքներու յատուկ ցուցակներ` իրենց տեղեկութիւններով:

Իւրաքանչիւր լողաւազան կամ լողափ պէտք է ճշդէ «Ճեթ սքի»-ներու մուտքն ու ելքը:

Իւրաքանչիւր լողաւազան կամ լողափ պէտք է իր այցելուներուն միջեւ հաւասարութիւն պարտադրէ եւ զանոնք հիւրընկալէ` առանց ցեղային կամ քաղաքացիութեան խտրութեան, ներառելով յատուկ ուշադրութեան կարիք ունեցող քաղաքայինները:

Իւրաքանչիւր լողաւազան կամ լողափ պէտք է արտօնէ, որ առողջական խնդիրներ ունեցող իրենց այցելուները, որոնք յատուկ տեսակի սննդեղէն կը ճաշակեն, իրենց հետ կարենան բերել իրենց ուտելիքը:

Իւրաքանչիւր լողաւազան կամ լողափ պէտք է ձրիաբար ըմպելի ջուր ապահովէ իր այցելուներուն:

Շրջաբերականին մէջ նշուեցաւ, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը կը թելադրէ բոլորին յանձնառու մնալ վերոնշեալ օրէնքներուն եւ գործադրել զանոնք: «Այս օրէնքները չգործադրելու պարագային, նախարարութիւնը պիտի ստիպուի օրինազանցներուն դէմ օրինական քայլերու դիմել», գրուեցաւ շրջաբերականին մէջ:

 

 

Նախորդը

Պուսթանի. «Ռուսական Եւ Եւրոպական Ընկերութիւններ Հետաքրքրուած Են Նաւթի Եւ Բնական Կազի Պեղումներուն Եւ Արտահանման Իմաստով Ներդրումներ Կատարելու Հարցով»

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Լասընի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?