Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուխթարայի Մէջ, «Հարցը Ժըպրան Պասիլը Չէ, Այլ Անոր Նեցուկ Կանգնողը» Շեշտեց Ժեմայէլ

Յունիս 17, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ յետմիջօրէին այցելեց Մուխթարա, ուր ընդունուեցաւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի կողմէ:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենց համար կարեւոր է, որ Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը քաղաքական ուժերու ղեկավարութիւններուն միջեւ հաշտութիւն մը չըլլայ, այլ` իր դրսեւորումը ունենայ Լեռնալիբանանի բնակչութեան վրայ:

Ան նշեց, որ լսած են յայտարարութիւններ, որոնք հաշտութեան նկատմամբ վախ կը սերմանեն: «Այդ յայտարարութիւններէն մէկը այն էր, որ քրիստոնեան կը վախնայ Շուֆի մէջ գիշերելէ: Այս յայտարարութեան նպատակը ժողովուրդին մէջ վախ սերմանել եւ համայնքային գրգռութիւններ հրահրելն է, որովհետեւ ոմանք համոզուած են, թէ այդ ձեւով ժողովրդականութիւն կ՛ունենան», ըսաւ ան:

Ժեմայէլ հաստատեց, որ համայնքային խտրութիւնը կը վնասէ երկրին, որովհետեւ համայնքային սադրանքները նախապատրաստողները ոչ մէկ քայլ կրնան առնել` բացի այդ սադրանքներուն ետին կանգնելէ:

Այս առումով Ժեմայէլ շեշտեց, որ հարցը Ժըպրան Պասիլը չէ, այլ անոր նեցուկ կանգնողը եւ երկրին ճակատագիրը որոշողը:

Սամի Ժեմայէլ հաստատեց, որ երկրին մէջ գոյացած քաղաքական համաձայնութիւնը սխալ մըն էր եւ անոր նպատակն է ծածկել երկրին տիրելու քայլերը, «հետեւաբար ամէն բան կ՛ընթանայ կողմնակալութեամբ եւ անկարելի է այս ձեւով օրէնքի պետութիւն կերտել», ընդգծեց ան:

Միւս կողմէ, Ժեմայէլ այցելեց նաեւ Շուֆի շրջանը, ուր հաստատեց ազգային միասնականութեամբ եւ համերաշխութեամբ ապրելու կարեւորութիւնը: «Ոչ ոքի պիտի արտօնենք Լեռնալիբանանի հաշտութեան դպչիլ, որովհետեւ անիկա Լիբանանի ապագային ողնայարն է: Մեզի համար Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը կարմիր գիծ է եւ կը շրջանցէ քաղաքական բոլոր տարակարծութիւններն ու քաղաքական նեղլիկ հաշիւները», ընդգծեց Ժեմայէլ:

 

Նախորդը

Հաշեմ Սաֆիէտտին. «Ամերիկան Մեզի Համար Իսկական Թշնամի Մըն Է, Որ Գիշատիչ Է»

Յաջորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը Պուլոս Ապտել Սաթեր Եպիսկոպոսը Ընտրեց Պէյրութի Առաջնորդ

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?